2011-10-05 12:32:07

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան (Ղուզիոս Միքայէլեան, 1758-1833). Հայ մտքի եւ գիտութեան բազմավաստակ ու մեծարժէք երախտաւորը ։


Հայ ժողովուրդի Մխիթարեան միաբաններու լուսաբաշխ համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի Հայր Ղուկաս Ինճիճեան, որուն վախճանման 178րդ տարելիցը լրացաւ ներկայ 2011-ին։
Բանասէր եւ հայագէտ, պատմաբան ու աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ եւ հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր ու մեծարժէք գիտուն՝ Հայր Ղ. Ինճիճեան անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ գլխաւոր ռահվիրաներէն մէկը 19րդ դարու Հայոց Ազգային Զարթօնքին։

Հայր Ղ. Ինճիճեան ոչ միայն արեւելքի խաւարամտութեան տակ հիւծող հայութեան առջեւ լայն-օրէն բացաւ եւրոպական մտքին ու գիտութեան լուսամուտները, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն ուսուցանողը, տարածիչն ու վերանորոգողը դարձաւ։
Յատկապէս իբրեւ մարմնաւորումը գիտուն մտաւորականի եւ անխոնջ հրապարակագրի եզակի համադրումի մը՝ Հայր Ղ. Ինճիճեան ամբողջ կէս դար հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Իր ուսումնասիրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները անուս բազմութիւններուն մատչելի դարձնելու բնատուր ձիրքը ունէր, աշխարհաբարի առաջին մշակողներէն եղաւ, հայ պարբերական մամուլի նախակարապետ դարձաւ ու յատկապէս Տարեգիրքերու հիմը դրաւ հայ իրականութեան մէջ։

Ծնած էր 1758ին, Կ. Պոլիս։ Մեծ հայրը Ադրիանապոլսէն (Էտիրնէ) էր՝ հանրածանթ Ինճիճի Հաճի Միքայէլ անունով։ Հայրը՝ Պոլիս հաստատուած Ինճիճի Պօղոս Միքայէլեանն էր։ Իսկ մայրը՝ Տիրուհին, կը յիշատակուի իբրեւ քոյրը Մխիթարեան Միաբանութեան մեծանուն պատմաբան Միքայէլ Չամչեանի (1738-1823)։
1770ին հայրը Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն ուղարկեց 12ամեայ իր զաւակը , որ իր ուշիմութեամբ գրաւեց ուշադրութիւնը Միաբանութեան առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Ստեփանոս Ակունց Քուվերին (1740-1824) եւ վայելեց անոր հոգածութիւնն ու քաջալերանքը։ 1774ին, 16ամեայ պատանին ընտրեց հոգեւորականի կեանքը եւ դարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։ Իսկ 1786ի վերջերուն վերադարձաւ Կ. Պոլիս, ուր մնաց չորս տարի։ 1790ին վերստին մեկնեցաւ Վենետիկ, ուր գործեց մինչեւ 1805ի Մարտ 14ը, երբ առողջական պատճառներով՝ բուժման համար դարձեալ վերադարձաւ Պոլիս, երկար ժամանակով հոն մնալու եւ աշխարհագրական որոշ վայրեր մօտէն ուսումնասիրելու մտադրութեամբ։
Հայր Ղ. Ինճիճեան աւելի քան 23 տարի մնաց ու գործեց Կ. Պոլսոյ մէջ։ Մեծ ներդրում ունեցաւ 1810ին հիմնադրուած Արշարունեաց Միութեան աշխուժացումին եւ հզօրացման մէջ։ Միութեան նպատակն էր տարածել ռամիկ, այլեւ աշխարհաբար հայերէնով հրատարակուած գիրքերը։ Կազմած էր սեփական մեծ գրադարան մը, որ 1815ին հրդեհի մը բռնկման հետեւանքով ամբողջապէս մոխիր դարձաւ։ Հրոյ ճարակ դարձան նաեւ մեծ թուով իր ձեռագիրները, որոնց շարքին՝ «Օսմանեան Պետութեան Աշխարհագրութեան» նուիրուած իր ծաւալուն գործին երկրորդ եւ երրորդ հատորները։
1819ին, Արշարունեաց Միութեան հովանաւոր Գիւզեան ունեւոր ընտանիքը օրուան իշխանութեանց կողմէ ենթարկուեցաւ հալածանքի եւ Հայր Ղ. Ինճիճեան, իբրեւ ընտանիքին մտերիմը, խոյս տուաւ դէպի Օտեսա։ Թէեւ տարի մը ետք դրութիւնը կարգաւորուեցաւ եւ Հայր Ինճիճեան 1820ին վերադարձաւ Կ. Պոլիս, բայց Գիւզեան ընտանիքի գլխուն եկած փորձանքին հետեւանքով՝ Արշարունեաց Միութիւնը կազմալուծուած գտաւ։ Այդ պատճառով ալ, Միութեան կողմէ նիւթապէս մատակարարուող Հայր Ղ. Ինճիճեանի հրատարակած մեծարժէք «Եղանակ Բիւզանդեան-Բազմավէպ» տարեգիրքը եւս դադրեցաւ լոյս տեսնելէ։
Ընդհանրապէս Կաթողիկէ Հայերու նկատմամբ հալածանքի տարիներ էին 1820ականները. 1828ի սկզբնաւորութեան, Կ. Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայերը աքասորուեցան իշխանութեանց կողմէ։ Հայր Ինճիճեան՝ Պոլիս մնալը այլեւս վտանգաւոր համարելով՝ նոյն տարուան Մայիսին վերջնականապէս գնաց Վենետիկ, ուր տարի մը առաջ վախճանած Հայր Գաբրիէլ Աւետիքեանի (1751-1827) փոխարէն ընտրուեցաւ Միաբանութեան փոխ-առաջնորդ։ Այդ պաշտօնին վրայ ալ վախճանեցաւ 2 Յուլիս 1833ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.