2011-10-04 14:37:06

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Հալէպի Ս. Խաչ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2011-ի՝ երեկոյեան ժամը 6-ին, Հալէպի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Տ. Միքայէլ սրկ. Քայալի քահանայական ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ՝ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, առընթերակայութեամբ Գերապատիւ Հ. Ներսէս վրդ. Զապարեանի ժողովրդապետը Ս Խաչ եկեղեցւոյ ու գեր. Հ Անտոն վրդ. Թահանի փոխ ժողովրապետը սոյն եկեղեցւոյ։
Նոր օծուող՝ վարդապետին Հայր Միքայէլ Քայալի խարտաւիլակն է գերյարգելի Հ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզէզեան ժողովրդապետը Ս Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Այս առթիւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հետեւեալ մաղթանքի Գիրը յղեց նորօծ վարդապետին։
Առ Յոյժ Սիրելի Նորօծեալ Գերապատիւ Տէր Միքայէլ վրդ. Քայալ
Մեծ ուրախութեամբ ստացանք Քահանայական Ձեռնադրութեանդ ցնծալի լուրը։
Որպէս քահանայ, այլեւս չես պատկանիր աշխարհին եւ ոչ ալ ծնողքիդ, այլ պարտիս կեանքդ նուիրել յաւիտենական քահանայի՝ Քրիստոսին, Հայ Կաթողիկէ Համայնքին ծիրէն ներս եւ առաւելաբար քեզի վստահուած հաւատացեալներուն ծառայութեան եւ անոնց փրկութեան համար։
Որպէս քահանայ, պիտի դառնաս Յիսուս Քրիստոսին մտերիմը, բարեկամը եւ սիրահարը։ Բայց քաջ գիտցի՛ր որ մտերմութիւնը մտերմութեամբ կը փոխանակուի, բարեկամութիւնը՝ բարեկամութեամբ եւ սէրը՝ սիրով։ Արդարեւ, Յիսուս պահանջկոտ Տէր մըն է։
Մեր աղօթքին հետ կը միացնենք մեր սրտագին հայրական մաղթանքները, որպէսզի դառնաս եռանդուն հովիւ մը, նման Բարի Հովիւին՝ Յիսուսին, որ կատարեալ անձնուիրութեամբ Աստուծոյ կամքը կատարեց մինչեւ Խաչին մահը՝ իր կեանքը զոհելով բոլոր մարդոց փրկութեան համար։
Կը յիշեցնեմ քեզի Սուրբ Պօղոսին յորդորը իր սիրեցեալ աշակերտ Տիմոթէոսին. «Պահէ՛ պատուիրանը անաղարտ եւ անբիծ մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Օրը» (1 Տիմ 6,14)։
Սիրելի վարդապետ,
Մնացի՛ր միշտ տապանակին մօտ՝ այդ յաւերժական Սիրոյ Աղբիւրին, որպէսզի ապրիս ամուր եւ հաստատ քահանայական կոչումիդ մէջ։
Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Նշենք թէ՝ Կիրակի 9 Հոկտեմբերին, Նորօծ վարդապետը՝ Հ Միքայէլ Քայալ իր անդրանիկ ձայնաւոր պատարագը պիտի մատուցէ ՜՜Ս. Երրորդութիւն՝՝ (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.