2011-10-04 14:10:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հուվուական Այցը Լամեցիա Թերմէ Եւ Սեռա Սան Պրունօ Թեմերուն։


Յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ հովուական միօրեայ այցելութիւն կը կատարէ Լամեզիա Թերմէ եւ Սերրա Սան Պրունօ (Իտալիա) Թեմերուն որոնք կր գտնուին Իտալիոյ Գալապրիա մարզին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 8.30-ին կը մեկնի Չիամբինոյի օդակայանէն ու Լամեցիա Թերմէ կը հասնի ժամը 9.15-ին։
Ժամը 10ին քաղաքի արուարձանի ճարտարարուեստական կեդրոնիn մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ ու ապա Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Յետ Սուրբ Զոհին, նախատեսուած է ճաշ մը Լամեցիա Թերմէ թեմի առաջնորդարանին մէջ, ու ապա ժամը 16.30-ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Հովուական այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անձնակազմին հետ։ Այս հանդիպումէն ետք, Սրբազան Հայրը իքնաթիռով կ՝ուղղուի դէպի Սեռա Սան Պրունօ, ուր ժամը 17.30-ին՝ Սանթօ Սթէֆանօ հրապարակի վրայ հանդիպում կ՛ունենայ տեղական բնակչութեան հետ, անոնց ուղղելով ողջոյնի խօսք մը։
Ժամը 18-ին Չէրթոզա Տի Սեռա Սան Պրունօ եկեղեցւոյ մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ ժամասացութիւն որմէ ետք պիտի այցելէ Չէրթոզինի հասարակութիւնը, հուսկ դարձեալ իքնաթիռով կը փոխադրուի Լամեցիայ Թերմէի օդակայանը եւ այնտեղէն օդանաւով կը մեկնի երեկոյեան 8-ին, ու Հռոմ կը ժամանէ 45 վայրկեան տեւող թռիչքէն ետք՝ ժամը 20.45ին։
Նշենք որՊենետիկտոս ԺԶ.էն առաջ, ՅՊԲ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետը, Սան Պրունօ վանքին այցելած էր 1984ի Հոկտեմբեր 5ին։ Սեռա Սան Պրունօ ճգնավանքը կառուցուած է ԺԱ. դարուն Սուրբ Պրունոյի (1030-1101) բաղձանքով։ 1783-ի երկրաշարժի պատճառաւ ճգնավանքը մեծ վնասներ կրած է ու ամբողջովին վերակառուցուած՝ 20րդ դարու ընթացքին։ Սան Պրունօ-ն վախճանած է վանքին մէջ 1101 թուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.