2011-10-04 14:20:55

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Վատիկանի ձայնասփիւռի ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը կը նուիրէ ՜՜ բանականութեամբ մօտենալ հաւատքին՝՝ նիւթին։

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտինիր յօդուածը կը սկսի մատնանշելով Սրբազան Քահանայապետի վերջերս Գերմանիա կատարած այցելութեան ընթացքին արտասանած ճառերը ու մասնաւորապէս ֆրիպուրկի մէջ Նորնծաներու հետ ունեցած հանդիպումը որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսելով քահանայութեան պատրաստութեան համար ուսմունքի կարեւորութեան` անդրադաձաւ ներկայ աշխարհի իրողութեան որ ՜՜բանապաշտ է եւ գիտութենէ կախեալ է՝՝։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜ գիտութեան հոգին` հասկնալու, բացատրելու, գիտակցելու եւ մերժելու ամէն ինչ որ բանական չէ, դարձած է տիրողական իրողութիւն մը՝՝։ Սրբազան Քահանայապետը ապա բացատրեց թէ հաւատքը ՜՜անջատուած աշխարհ մը չէ՝՝ այլ ՜՜ամէն ինչ կ՛ընդգրկէ իմաստ տալով ամէն բանի՝՝, հաւատքը կը մեկնաբանէ կեանքի իրադաձութիւնները եւ ՜՜բարոյական ներքին ուղղութիւններ՝՝ կու տայ որպէսզի հասկնալի դառնան ու ապրուին Աստուծոյ տեսուղութեամբ։ Հուսկ Սրբազան հայրը եզրափակեց ըսելով ՜՜ասոր համար կարեւոր է տեղեակ ըլլալ, հասկնալ, ունենալ միտքերը բաց ու սորվիլ՝՝։ Միայն ասյպէս կարելիութիւն կ՛ունենանք մեր ժամանակաշրջանին մէջ աւետելու ՜՜ Խօսքը՝՝ եւ ներկայացնել մեր հաւատքի պատճառը։
Հայր Լոմպարտի խմբագրականը կ՛եզրափակէ ըսելով ՜՜ ըմբռնած էինք թէ այս քահանայապետը շեշտը ուզեց դնել Հաւատքի ու Բանականութեան միջեւ կապի կարեւորութեան վրայ, բայց քիչ անգամներ ուղղակիօրէն լսած էինք անոր բացատրութիւնը։ Հաւանաբար երբեմնի նորընծայ Ժոզէֆ Րացինկերը խելացի ու հմուտ կերպով հետեւած էր իր ուսմունքին ու այս քայլով յառաջացած էր իր կեանքի ընթացքին օգնելու համար եկեղեցին ըլլալու ՜՜պատարստ` պատասխանելու ամէն անոնց որ կը հարցնեն անոր յոյսի մասին՝՝ ինչպէս որ կը պահանջէ այսօրուայ աշխարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.