2011-10-04 14:37:18

Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակի Նշում Դամասկոսի Մէջ։


29 սեպտեմբերին ( 2011) Դամասկոսի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակը ընդունելութեամբ մը «Four Seasons» պանդոկի մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան պետական բարձրաստիճան նախարարաներ ու երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, դամասկոսահայ համայնքապետերը ու մեծ թիւով ազգայիններ ու միութենականներ։
Խօսք առաւ դեսպան՝ դոկտ. Արշակ Փոլատեան վեր առնելով անկախութեան խորհուրդը հայ ժողովուրդին համար ու 20-ամեայ նուաճումներու շարքը, կերտելու Հայաստանի անկախ պետականութիւնը, որպէս ժողովրդավար, ազատ եւ ինքնիշխան երկիր։ ապա անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի երկկողմ յարաբերութիւններուն, որոնք բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին ու մաղթեց որ Սուրիոյ ժողովուրդը կարողանայ յաղթահարել ներկայ տագնապը ու երկիրը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը ու կայունութիւնը եւ շարունակէ շրջանի մէջ իր հիմնական դերակատարութիւնը։
Ընդունելութեան վերջաւորութեան, դեսպան դոկտ. Փոլատեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ անկախութեան 20-ամեակի առթիւ՝ պարգեւատրումը Հայաստանի Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութեան մետալներով ու պատւոյ գիրերով, շարք մը դամասկոսահայ կրթական մշակներու, արուեստագէտներու եւ ազգայիններու, որոնք իրենց նպաստը բերած են հայ մշակոյթի պահպանման ու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրացման։ Այս առթիւ՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Մեղրի» պարախումբը ստացան Սփիւռքի նախարարութեան պատւոյ գիրերը։
Երգչախումբի պատուոյ գիրը յանձն առաւ ՀԿՄ-ի ատենապետ ու երգչախումբի պատասխանատու պրն. Սարգիս Քէշիշեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.