Հոկտեմբեր 1ին Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ բացուեցաւ «Հայֆեսթ-2011»
Թատերական 9-րդ Միջազգային փառատօնը: Բացման արարողութեան հրաւիրուած էին յայտնի դերասաններ,
թատրոններու ղեկավարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ
եւ այլն: Բացման ժամանակ փառատօնի նախագահ Արթուր Ղուկասեան, ողջունելով բոլոր ներկաները՝
ըսաւ, որ փառատօնը կարծէք ամսագիր ըլլայ, որուն իւրաքանչիւր համարին, թատերասէրները անհամբեր
կը սպասեն: Բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք հանդիսատեսի դատին ներկայացուեցաւ Հունգարական
«Փի Ար Էվալուշն» թատրոնի «Կապոյտ մարդիկ» ներկայացումը: «Հայֆեսթ-2011» միջազգային
9րդ թատերական փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 8: Այս տարի փառատօնին հանդէս
կուգան 18 երկիրներէ 30 թատերախումբեր՝ 60 ներկայացումով: Փառատօնի ուշագրաւ հիւրերէն
են Մեծն Բրիտանիայէն Էտինպըրկի «Փրոթօթայփ» թատրոնը: Առաջին անգամ պիտի կայանայ «Մենութեան
թանկօ» ներկայացումը՝ Բրիտանիայէն, որուն բեմադրիչն է Պիլլի Քոուի: Կը սպասուի Փերմի
շրջանի մշակոյթի նախարար Նիքոլա Նովիչքովի ու փոխվարչապետ Պորիս Միլկրամի ներկայութիւնը,
քանի որ այս տարի «Միհր» թատրոնը Հայաստանը ներկայացուցած է «Սպիտակ գիշերները Փերմի
մէջ» արուեստներու փառատօնին: Կ՛ակնկալուի նաեւ փառատօնի նախագահ Վերոնիքա Վայսմանի
այցելութիւնը եւ հանդիպումը մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ: Փառատօնին կ՛ակնկալուի
տիկնիկային, երաժշտական, պարային եւ այլ բեմադրութիւններու կայացումը: Պիտի մասնակցին
Դանիայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն, Լաթվիայէն, Պուլկարիայէն եւ այլ երկիրներէ անհատներ: Փակումը
պիտի կատարուի Բրիտանիոյ եւ Վրաստանի միացեալ «Քափիթան Քորելիի ընտրութիւնը» ներկայացումով: