2011-10-04 14:31:06

Այսօր Երեքշաբթի 4 Հոկտեմբեր տօնն է Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի (ըստ լատինաց) ։


Սուրբ ֆրնչիսկոսը Սիէնայի Սրբուհի կատարինէի հետ միասին Իտալիոյ պաշտպան Սուրբերն են, հռչակուած Պիոս ԺԲ.ի օրով 18 յունիս 1939ին։
Սուրբ ֆրնաչիսկոսի տօնին առթիւ, երեքշաբթի օրը առաւօտեան ժամը 10ին՝ Ասիզիի Սրբավայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ նախագահութեամբ՝ գերապայծառ ճանգարլօ Մարիա Պերկանթինիի եւ մասնակցութեամբ՝ Կարտինալ Աթթիլիօ Նիգորայի Քահանայապետական պատուիրակը Սուրբ ֆրանչիսկոսի Պազիլիքային ։ Աւանդութիւն է որ Սուրբին տօնին օրը նախքան Հաւատոյ դաւանանքի կատարումը, սուրբի դամբանին մօտ զետեղուած ճրագը դարձեալ վառուի։ Աւանդութիւն է նաեւ որ ամէն տարի Սուրբին Ճրագի իւղը կարգով նուիրեն Իտալիոյ զանազան նահանգները, այս տարի իւղը նուիրեց Մոլիզէ նահանգը։
Սրբազան արարողութենէն ետք ժամը 11.30-ին, Վանական կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, նշելու՝ Իտալիոյ միութեան 150րդ տարեդարձը։
Հուսկ կէսօրէ ետք ժամը 4ին տեղի ունեցաւ ժամասացութիւն ու ապա թափօր մը, որ վերջ գտաւ Սուրբ ֆրանչիսկոսի Պազիլիքայի հրապարակը ուրկէ Սուրբին մասունքով կատարուեցաւ Իտալիոյ Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.