2011-10-03 15:06:25

Վատիկանի Պետական Քարտուղարին Պատգամը Նոր Աւետարանութեան Նիւթին Մասին, Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին։


Յանուն Սրբազան Քահանայապետին, Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, պատգամ մը ուղղած է Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդին, որոնք ներկայիս իրենց լիանիստ ժողովը կը գումարեն Ալպանիայի մայրաքապաքը։ Պատգամին մէջ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կը հրաւիրէ եպիսկոպոսները, միսիոնարական յանդգնութեամբ որոնել Աւետարանութեան նոր եղանակներ, պատշաճ այսօրուան մարդուն։ Յայտնենք որ 29 սեպտեմբերէն 2 հոկտեմբեր Ալպանիայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի լիանիստ ժողովը ունի որպէս նիւթ ՜՜Եկեղեցւոյ Նոր Աւետարանութիւնը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.