2011-10-03 14:38:15

Նիքոլա Սարքոզի 6 Հոկտեմբերին Երեւան Պիտի Երթայ։ ֆրանսայի Նախագահը Իր Հետ Պիտի Տանի Շարլ Ազնաւուրը Եւ Փաթրիք Տէվէճեանը։


Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգեսանի անցեալ շաբաթ ֆրանսա այցելութենէն ետք, ֆրանսայի Նախագահ Սարքոզի իր կարգին Հայաստանը պիտի այցելէ 6 Հոկտեմբերին։ ՝՝Նիուզ-Ամ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ Սարքոզի իրեն հետ միասին Հայաստան պիտի տանի երկու հանրածանօթ հայեր,մէկը աշխարհառչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր,իսկ միւսը Օ Տը Սէն քաղաքի գլխաւոր խորհուրդի նախագահ,ֆրանսահայ յայտնի քաղաքագէտ Փաթրիք Տէվէճեան։
Սարքոզիի Հայաստան այցելութիւնը նոր յոյսեր պիտի ստեղծէ ֆրանսահայ այն շրջանակներուն մօտ, որոնք անհամբերութեամբ կը սպսաեն որ ֆրանսայի Ծերակոյտը վաւերացնէ Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը։








All the contents on this site are copyrighted ©.