Իտալիոյ Մէջ Քաղաք մը Եւս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
24 սեպտեմբերին Իտալիոյ Քալապրիա Մարզի Չերքիարատի Քալապրիոյ քաղաքային խորհուրդը ճանչցած
է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան
եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս տարի ասիկա Իտալիոյ 6-րդ
քաղաքն է, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ճանչնալու վերաբերեալ միաձայն որոշումներ տուած էին Իտալիոյ հետեւեալ քաղաքային խորհուրդները`
Սան Ճորճօ (Փատովայի նահանգ), Պոլանօ (Սփեցիոյ նահանգ), Սերմիտէ (Մանթովայի նահանգ) եւ
Տորկալի (Նուորոյի նահանգ) եւ Իզոլա տել Լիր (Ֆրոսինոնէ նահանգ): Այսպիսով, Իտալիոյ
մէջ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած նահանգներու (4) եւ քաղաքներու (59) ընդհանուր թիւը կը հասնի
63-ի: