2011-10-03 15:04:23

2011-2012 Ուսումնական Տարեշրջանի Վերամուտ՝ Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ։


Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբերի (2011) առաւօտեան սկիզբ առաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի վերամուտին նուիրուած փոքր ձեռնարկը, վարժարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած աշակերտներու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, տեսչական կազմի անդամներու, ծնողական յանձնախումբի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու ներկայութեան։
Վարժարանի շրջափակը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով, ինչպէս նաեւ վերամուտը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակը խորհրդանշող խոշոր պաստառով մը։ Կը հնչէր ուրախ եւ խանդավառող հայկական երաժշտութիւն։
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու խմբային կատարումով, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի օրհնանք-աղօթքով։
Այնուհետեւ աշակերտութեան անունով խօսք առաւ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Լորի Եթերեան, եւ ապա նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներ «Բարի վերամուտ. Ծանօթանանք» խորագիրով իւրայատուկ խօսք արտասանեցին իւրաքանչիւր դասարանէն զոյգ աշակերտներ պատմելով իրենց ձեռք ձգած փորձառութեանց մասին, վարժարանէն ներս գործող օրէնքներու մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացումի կարգով խօսեցան կարգ մը պաշտօնեաներու եւ անոնց դերին մասին։ Նշելով, որ յաջողութեան միակ գրաւականը վարժարանին մէջ աշխատասիրութիւնը, հնազանդութիւնը եւ յարգանքն են։
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Պր. Վարդան Թաշճեանին, որ նախ եւ առաջ շնորհաւորեց բոլորը վերամուտին առիթով, յիշելով, որ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ վարժարանը յարատեւ վերելքի մէջ պահելու համար, ան յորդորեց յատկապէս ծնողները, որպէսզի ընտանիքներէն ներս միշտ ճիշդ ձեւերով անդրադառնան ուսման կարեւորութեան։ Իսկ վարժարանի տնօրէնը Պր. Կրէկուար Գալուստ խօսեցաւ վարժարանի աշակերտութեան արձանագրած զգալի աճին մասին որը ինքնին կը նշանակէ թէ Մեսրոպեան վարժարանը կը վայելէ մեծ վստահութիւն։ Անդրադառնալով վերամուտի պաստառին, Պր. Գալուստ յիշեցուց բոլորին որ Սեպտեմբեր ամիսը միայն վերամուտի ամիս չէ, այլ ամիսը հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման, որուն 20-ամեակը լրացաւ մի քանի օր առաջ։ Ուստի, ան շնորհաւորեց բոլորը այս տօնին առիթով։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ գաղութի ճանչցուած եւ սիրուած երգիչ՝ Հրաչ Կայծակեան, որուն կատարումը զուգակցուեցաւ վարժարանի աշակերտութեան եւ կարգ մը ուսուցիչներու ուրախ շուրջպարով։
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները, սկսելու համար 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանը։ Օրուան աւարտին, առաջին դասարանցիները իբրեւ վերամուտի նուէր տուն վերադարձան փուչիկներով, որոնցմով զարդարուած էր վարժարանին բակը։































All the contents on this site are copyrighted ©.