2011-10-02 12:33:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 2 հոկտեմբեր 2011 կէսօրուայ ժամը 12ին Պենետիկտոս Ժզ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան ս. գրային ընթերցումներէն ներշնչուելով որոնք քաղուած էին Մատթէոսի աւետարանէն ուր Յիսուս խօսքը ուղղելով քահանայապետներուն եւ ժողովուրդի ծերերուն անոնց կ՛ըսէ <<Աստուծոյ արքայութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի եւ պիտի տրուի ուրիշ ժողովուրդներու որոնք պտուղ տան>>(Մատթ. 21, 43) ։ Խօսքեր են - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - որ խորհիլ կու տան թէ որքան մեծ պատասխանատուութիւն ունին բոլոր անոնք որ Աստուծոյ այգիին մէջ կը գործեն` նա մանաւանդ իշխանութեան գլուխ եղողները։ Խօսքեր որ կը մղեն հաւատարմութիւն նորոգելու Քրիստոսի մէջ։Ան <<քարն է զոր կառուցողները մերժեցին ու եղաւ անկիւնաքար>> զԱյն դատապարտեցին որպէս օրէնքի թշնամի բայց Ան` մերժուած ու խաչուած, յարութիւն առաւ ու դարձաւ անկիւնաքար որու վրայ կը հիմնուի մարդկութեան ու աշխարհի գոյութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց Ոճրագործ Այգեպաններու առակը ու մատնանշեց թէ Աստուած ինքզինք մեր ձեռքերուն մէջ կը դնէ ընդունելով մեր տկարութիւնը եւ իր հզօրութիւնը կը բացայատէ սիրոյ հաւատարմութեան ծրագիրին մէջ. ծրագիր մը որ կը նախատեսէ նաեւ <<չարերուն արդար պատիժ>> (Մատթ. 21,41)։

Պենետիկտոս ԲԶ Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները կառչած մնալու հաւատքի անկիւնաքարին` որ է Քրիստոս։ Միայն Անոր մէջ` Անոր համար ու Անոր հետ է որ եկեղեցին` նոր ուխտի ժողովուրդը` կը կառուցուի։

Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ սրբազան պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը- Տէրը մարդկային պատմութեան ընթացքին միշտ մօտ է եւ գործող ու մեզ կ՛առաջնորդէ նաեւ հրեշտակներու պաշպանութեամբ։ Սկիզբէն մինչեւ մեր մահուան ժամկէտը մարդկային կեանքը շրջապտուած է հրեշտակներու յարատեւ պաշտպանութեան խնամքով։ Ու ապա Պենետիկտոս ԺԶ ակնարկեց Փոմբէի Յաղթանակներու Թագուհի վարդարանի Սուրբ Կոյս Մարեամի այսօրուայ տօնակատարութեան յայցելով անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի չարը խաւարի եւ Ատուծոյ անհուն սէրը իր լիութեամբ յատնուի։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու բարի կիրակի մաղթելով բոլորին անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.