2011-10-02 12:34:05

Աստուծոյ Աղախին Մայր Անթոնիա Մարիա Վերնա՝ Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր Երանուհի հռչակուեցաւ ձեռամբ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ-ի,Մայր Անթոնիա Մարիա Վերնա՝ հիմնադրուհին Իվրէա-ի Անարատ Յղութեան Բարեգութ Մայրապետներու Միաբանութեան։ Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վերափոխման Տիրամօր Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ։
Նոր Երանուհին Անթոնիա Մարիա ծնած է Բասքուարօ՝ Իտալիոյ Բիէմոնթէ Մարզի Իվրէա քաղաքի շրջակայքը(հիւսիսային իտալիա) 12 Յունիս 1773ին,ամուր հաւատքի տէր ծնողքէ մը,որոնք իրենց զաւակը վարժեցուցին՝ աղօթասիրութեան ու նաեւ գործունէութեան ժողովրդապետութեան մէջ։ Մարիա երիտասարդ հասակին արդէն նուիրուեցաւ աղջկանց կրթութեան եւ հիւանդներու խնամքին,ինքզինք նուիրագործելով Աստուծոյ՝ հազիւ 15ամեայ կուսութեան ուխտով , արդէն կ՝ունենար կրօնական հաստատութիւն մը հիմնելու ներշնչումը։
Առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն գիտացաւ մեկնաբանել ժամանակի նշանները,եւ բնորոշել ուսման պակասի մեծ կարեւորութիւնը՝ կրօնական հրահանգներու գործադրութեան անկումին մէջ,եւ բարոյական փլուզումի առնչութեամբ ընկերութենէն ներս։
Փոխադրուելով Ռիվարօլօ Գանավէզէ կ՝արձանագրուի ՝՝Յիսուսի Դպրոցը՝՝ վարժարանը պատրաստուելու համար դաստիարակի իր առաքելութեան։ Գթութեան Քոյրերու Դուստրերը Միաբանութիւնը հիմնելու իր առաջին խնդրանքը Մայր Անթոնիա ներկայացուց 1806-ին, բայց 22 տարի ետք յաջողեցաւ ճանաչում ստանալ իր կրօնական հաստատութեան ,յետ բազմաթիւ դժուարութիւններու։ Այսպէս 27 Նոյեմբեր 1835-ին Իվրէա-ի Եպիսկոպոսը կը վաւերացնէր Միաբանութիւնը,իսկ 1837ին Մայր Անթոնիա բացաւ Բիէմոնթէ մարզի առաջին Մանկապարտէզը։
Մայր Անթոնիա Մարիա Վէրնա կը վախճանի 25 դեկտեմբեր 1838-ին։
Ներկայիս նոր Երանուհիին հիմնած Միաբանութիւնը կը հաշուէ 750 Մայրապետներ՝ներկայ Եւրոպայի,Ասիոյ,Ափրիկէի եւ Ամերիկայի 11 Երկիրներուն մէջ,ուր անոնց առաքելութիւնը կեդրոնացած է երախաներու ու երիտասարդներու՝ դաստիարակչական, քրիստոնէական ու մարդկային կազմաւորումին վրայ,իսկ թերաճ երկիրներու մէջ Մայրապեները կը նուիրուին յատկապէս Կնոջ յառաջդիմութեան ու զարգացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.