2011-10-01 13:16:24

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական-աստուածաբանական Խորհուրդի Հերթական Նիստը։


Սեպտեմբեր 28-ին, տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական-աստուածաբանական խորհուրդի հերթական նիստը։ Նիստի ընթացքին, ի շարս քննարկուող հարցերուն, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ առաջարկուող Խղճի եւ կրօնական ազատութիւններու մասին օրինագծին։
Այս առնչութեամբ խնդրոյ առարկայ հարցերու լուծման մէջ խորհուրդը ընդգծեց կարեւորութիւնը հարազատ մնալու հայ ժողովուրդի ազգային եւ մշակութային աւանդոյթներուն, յարելու մարդու հիմնարար ազատութիւնները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գործող աւանդական Եկեղեցիներու ու ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։
Նիստի ընթացքին (կը տեղեկացնէ Ս. Էջմիածնի մամլոյ գործակալութիւնը) խորհուրդը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Աւետարանական համայնքներու եւ խարիզմատիք շարժումներու ներկայացուցիչներու գործունէութեան` դատապարտելով հասարակութեան մէջ կրօնական անհանդուրժողականութեան պատրանք ստեղծելու եւ այս պայմաններու մէջ արտօնութիւններ կորզելու անոնց մերժելու գործելակերպը։ Խորհուրդը անընդունելի համարեց նաեւ Աւետարանական համայնքներու հովիւներու գործողութիւնները՝` յորդորելով հրաժարիլ հոգեւորութեան միջոցով իրենց համայնքներն ընդլայնելու մտադրութիւններէն եւ որդեգրած հակաէքիւմենիք ընթացքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.