2011-10-01 13:15:35

Այսօր 1 Հոկտեմբեր Տարեցներու Միջազգային Օր. Հայաստանի Բոլոր Տուն-Ծերանոցներու Մէջ տեղի կ՝ունենան Ձեռնարկներ


Այսօր 1 Հոկտեմբեր Տարեցներու Միջազգային Օրն է: Առանձին ապրող տարեցներու համար ՀՀ-ի մէջ կը գործեն եօթը տուն-ծերանոցներ,որոնցմէ չորսը՝ պետական, երեքը` ոչ պետական։ Երկուքը կը գտնուին Երեւանի մէջ, մէկը` Գիւմրի, մէկը` Վարդենիս, այս վերջինը հոգեբանական տուն-ծերանոց է: Ընդհանուր առմամբ , տուն-ծերանոցներու մէջ կը խնամուին 2090 տարեցներ , որոցնմէ 1000ը կ'ապրին ծերանոցի մէջ:
«Տուն-ծերանոցներու մէջ մէկ տարեցի վրայ ծախսուող գումարը օրական կը կազմէ 3869 դրամ, որմէ սնունդի վրայ կը ծախսուի 1430 դրամ”, ( յայտնեց ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Հաշմանդամներու եւ Տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Արթուր Կէսոյեան) լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Պատասխանելով այն հարցուին, թէ արդեօք այդ գումարը բաւարա՞ր է սնուցանելու ելու համար, Արթուր Կէսոյեան ըսաւ. «Սնունդի չափորոշիչները կը կարգաւորուին օրէնքով, եւ այդ գումարը լիարժէք կը բաւէ ապահովելու 2200 քալըրի,եւ թէ խնամուող տարեցները գոհ են»:
Այսօր Տարեցներու Միջազգային օրուան առիթով բոլոր տուն-ծերանոցներու մէջ կը կայանան ձեռնարկներ, երգ, պար, խրախճանք, եւ թէ նուէրներ կը բաժնուին՝ բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ: Նշենք որ Տարեցներու Միջազգային Օրը հռչակուած է 14 Դեկտեմբետ 1990-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.