2011-09-30 14:06:15

Վատիկանի Ձայնասփիւռի 80-ամեակի Նշում, Ռատիոկայանի Պաշտպան Սուրբին՝ Ս. Գաբրիէլի Տօնին Առթիւ։


Ս Գաբրիէլի տօնին առթիւ, (պաշտպան Սուրբը Քահանայապետի ձայնասփիւռին) Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող՝ Լուրտի Տիրամօր նուիրուած քարայրին առջեւ, հինգշաբթի 29 սեպտեմբերին՝ ժամը 9-ին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի 80-ամեակը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով, որուն նախագահեց Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը։
Այս կարեւոր արարողութեան ներկայ էին սոյն ռատիոյի պաշտօնեաները , գործակիցները եւ երբեմնի աշխատակիցները, իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։ Պատարագին սկիզբը Վաատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի իր խօսքը ուղղելով կարտինալին, շնորհակալութիւն յայտնեց որ ընդառաջեց հրաւէրին գլխաւորելով 80-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս Ձայնասփիւռին պաշտպան սուրբին տօնին օրուան հանդիսաւոր պատարագը, յիշեցնելով որ Տօնախմբութիւնները՝ 80 ամեա յ յոբելեանին, սկիզբ առին ընթացիկ տարուայ 10 փետրուարին, այդ օրը՝ բացումը կատարուեցաւ՜՜ Ռատիօ Վատիկան 1931 - 2011, Աշխարհի շրջագայութիւնը 80 տարուայ ընթացքին ՝՝ցուցահանդէսին, Վատիկանեան Թանգարանին մէջ, որ բաց կը մնայ ամբողջ տարուան ընթացքին։

Ս. գրային ընթերցումներէն ետք, կարտ. Պերթոնէ իր արտասանած քարոզին մէջ, վեր առնելով Վատիկանի ձայնասփիւռի բոլոր պաշտօնեաներուն նուիրական գործը, ըսաւ ի մէջ այլոց. ՜՜Ձեզի յանձնուած է կարեւոր ու նուրբ պարտականութիւնը ունկնդիրներուն հասցնելու, ու անոնց ուշադրութեան առարկայ դարձնելու՝ Սրբազան քահանայապետին եւ եկեղեցւոյ ճշմարիտ վարդապետութիւնը։ Ասոր համար է որ Վատիկանի Ռատիոն սերտօրէն կապուած է Ս. աթոռին հետ եւ հանրութիւնը անոր կը նայի որպէս Սրբազան Քահանայապետի Ձայնասփիւռը։ Կարտինալ Պերթոնէ ապա յորդորեց բոլորը, որ շարունակեն ըլլալ Սրբազան Հօր ձայնը։ Եզրափակելով իր խօսքը, ան փոխանձեց բոլորին նորին սրբութեան շնորհաւորանքը. յիշելով Նորին Սրբութեան խօսքը. ՜՜Ձեզմէ ամէն մէկուն երախտագիտութիւն ձեր թանկագին նպաստին որ ամէն օր կու տաք Ռատիովատիկանին։ Ձեզի եւ ձեր բոլոր հարազատներուն կու տամ իմառաքելական օրհնութիւնս՝՝։

Յաւարտ Ս Պատարագին քահանայապետական շքանշաններով մեծարուեցան ռատիօ Վատիկանի կարգ մը պաշտօնեաները, այս տարի մեծարուեցաւ նաեւ թոշակաւոր աշխատող մը, ի շարս զանազան գրասենեակներ գործող պաշտօնեաներուն։
Յիշեցնենք որ Ս. պատարագին կարտինալին հետ համապատարագեցին Ռատիոյի մէջ գործող քահանաները իսկ սարկաւագի մասը յանձնուած էր Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի նախկին տնօրէն՝ Տ. Միքայէլ Սրկ. Ժանժէին։ Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց ռատիոյի երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Քոյր Պէաթրիչէ Մանաբարմբիլի։


Ի դէպ Վատիկանի Ձայնասփիւռը հիմնուած է՝ Ձայնասփիւռի գիւտարար Կուլիէլմոս Մարքոնիի կողմէ 12 Փետրուար 1931ին։ Հոս տեղին է յիշել որ տօնական այս օրուան Ս. Պատարգին ներկայ էր նաեւ մեծ գիւտարարին դուստրը՝ Էլէտտրա Մարքոնի իշխանուհին։
Կայանին բացումը կատարուած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Հռոմի պապի կողմէ իսկ անոր տնօրէնութիւնը յանձնուած է Յիսուսեան Միաբանութեան։
Իսկ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն ամէնօրեայ հաղորդումները սկիզբ առած են 1966ի՝ Մայիս 29ին քառորդ ժամուայ շաբաթական երկու հաղորդումներով։ 1975ին է որ հայկական հաղորդումները դարձան առօրեայ եւ երկար տարիներէ ի վեր 19 վայրկեան տեւող առօրեայ հաղորդումները ուղղուած են նախ եւ առաջ Հայաստանի բնակիչներուն ու նաեւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող Հայերուն։ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական հաղորդումներու 45-ամեակին առթիւ ուրախութեամբ կը յիշենք թէ սոյն հաղորդումները զուգահեռ կը յառաջանան ներկայ ընկերութեան պահանջներուն ընդառաջելով, գործածելով՝ լրատուական ամէնէն արդի թէքնիք մեթոտները ...կարելի է հետեւիլ Ռատիովատիկանի հաղորդումներուն, (նաեւ հայերէնով) ոչ միայն ռատիոյի այլեւ՝ համացանցի միջոցաւ ու լուրերը կարդալ այցելելով Ռատիովատիկանի կայքէջը...www.radiovaticana.org.








All the contents on this site are copyrighted ©.