2011-09-30 13:47:26

Սերժ Սարգսեան Վարշավայի մէջ Հանդիպում Կ՝ունենայ ԵԱՀԿ-ի Խումբի Համանախագահներուն Հետ։


Նախագահ Սերժ Սարգսյանն Սեպտեմբեր 29ին Վարշավայի մէջ հանդիպու ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսիա), Ռոպերտ Պրատկէի (ԱՄՆ), Իկոր Պոպովի (Ռուսաստան) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Քասպրիճկի հետ: Ըստ «Արմենփրես»-ին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացաքի ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի հետ:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ փաստեցին եւ ողջունելի նկատեցին Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ֆրանսական ներդրումներուն աճը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ քաղաքական մակարդակով շարունակել աջակցելու եւ խրախուսելու ֆրանսական ընկերութիւններու մասնակցութեան Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուուղ ծրագիրներուն:
Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Ֆիյոն քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ Ֆրանսայի օժանդակութիւնը Հայաստանի եւրոպական համարկման ջանքերուն, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ: Զրուցակիցները նշեցին, որ այդ հարցերը քննարկելու առիթ պիտի ունենան նաեւ մօտ օրէն Վարշաւայի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.