2011-09-30 14:05:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Բարեմաղթութիւնները Հռոմի Հրեայ Հասարակութեան, Հրեաներու Ամանորին Առթիւ։


Հռոմի հրեայ հասարակութիւնը 29 սեպտեմբերին տօնախմբեց հրէական ամանորը։ Այդ առթիւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց Հռոմի ռաբունապետ Րիգարտօ տի Սենիին, մաղթելով որ հաւատացեալները միշտ աւելի ոգեւորուին արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը հաստատելու՝ աշխարհի մը մէջ որ մեծ կարիքը ունի ճշմարտութեան հարազատ վկաներուն։

Իսկ երէկ հինգշաբթի 29 սեպտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի մէջ ընդունեց Մոսկուայի Պատրիարքութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մասնաճիւղի նախագահ` Վոլոքոլամսքի Մետրոպոլիթ գերապայծառ Հիլարիոնը ու իրեն ընկերացող շքախումբը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Ինտոնեզիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ եւ Բատանկի եպիսկոպոս գերապայածառ Մարթինուս Տոկմա Սթիումորանկին։ Հուսկ 11.45-ին՝ Զուիցերացիներու սրահին մէջ, նորին Սրբութիւնը հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Գասթել Կանտոլֆոյի եկեղեցական եւ քաղաքական հասարակութեան հետ։Նշենք որ այսօր վերջ կը գտնէ Սրբազան Քահանայապետի Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցի մէջ կեցութիւնը, ու վաղը շաբաթ 1 հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ վերջնականապէս կը վերադառնայ հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.