2011-09-30 14:06:32

Մետրապոլիտ Հիլարիոն Ողջունած Է Սրբազան Քահանայապետին Համամիութենական Դիրքը։


Ռուս եկեղեցւոյ արտգործ նախարար մետարապոլիտ Հիլարիոն ՌատիօՎատիկանի հետ ունեցած ելոյթով՝ ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կամքը երկխօսութիւն հաստատելու կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ։
Սրբազան Քահանայապետը լաւ կը ճանչնայ օրթոտոքս աւանդութիւնը։ Ան հաստատեց որ Սրբազան Քահանայապետի եւ Մոսկուայի պատրիարքի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երբ կանոնաւորուին հարցերը որ գոյութիւն ունին երկու եկեղեցիներու միջեւ։ Ան նաեւ յայտնեց որ մեծապէս տպաւորուած է ի տես Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճանաչումին օրթոտոքս եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան հաստատումին համար։ Սրբազան Քահանայապետին այս կեցուածքը մեծապէս կը նպաստէ փոխադարձ լաւագոյն հասկացողութեան ու մօտեցումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.