2011-09-30 13:47:20

Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այսօր կը Մեկնի Թեհրան Ապա՝ Հայաստան։


Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կը մեկնի Թեհրան` ընդառաջելով Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիի հրաւէրին:
Իրանի մէջ Պըրրի պիտի մասնակցի պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան միջազգային Ե. խորհրդաժողովին: Թեհրանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք Պըրրի պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Հայաստան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:
Նեպիհ Պըրրի իր հայ պաշտօնակիցին հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններուն եւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Ազգային Ժողովին մէջ պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ ներկայ իրադարձութիւններուն եւ Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.