2011-09-29 13:12:33

Հ Հ Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի Ի Պատիւ Ճաշկերոյթ Նիւ Եորքի ՄԷջ ։


Ուրբաթ 23 Սեպտեմբեր 2011-ին, Նիւ Եորքի Ուոլ Սթրիթ՝ նշանաւոր փողոցի Չիբրիանի ճաշարանին մէջ, Հ Հ անկախութեան 20-ամեակի ու նախագահ Սերժ Սարգսեանի ԱՄՆ այցելութեան առիթով, ճաշկերոյթ ընթրիք մը սարքուած էր որուն հրաւիրուած էին նաեւ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան հայ եւ ամերիկացի անձնաւորութիւններ. սոյն ճաշկերոյթին մասնակցեցան նաեւ ԱՄՆ ու Գանատայի նախկին առաջնորդ՝ արհի. Մանուէլ եպ. Պաթաքեան եւ նորընտիր առաջնորդ՝ արհի. Միքայէլ եպ. Մուրատեան։
Յիշեցնենք որ՝ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպ Մուրատեանի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 2 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի Սան Ճէյմս Ռոման կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ, հանդիսաւոր Ս պատարագի ընթացքին զոր պիտի մատուցէ արհի. Մանուէլ եպ. Պաթագեան ԱՄՆի կաթողիկէ Հայոց նախկին առաջնորդը, ներկայութեամբ՝ Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանի, ու Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի։
Արհի. Միքայէլ եպ. Մուրատեանի եպիսկոպոսական օծումը տեղի ունեցած էր 31 Յուլիս 2011-ին Զմմառու մէջ Լիբանան։
Նախքան ԱՄՆի ու Գանատայի առաջնորդ ընտրուիլը, Արհի. Մուրատեան եպիսկոպոսը Մեծաւորն էր Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան. անկէ առաջ ալ Հռոմի մէջ, Լեւոնեան Ք. Հ. Վարժարանի մեծաւորը։
Ան տարիներ ծառայած է Հայաստանի մէջ, յատկապէս երկրաշարժէն ետք, հոգալով՝ աղէտէն վերապրած ժողովուրդին նաեւ զբաղելով անոնց հոգ հոգւոցով։









All the contents on this site are copyrighted ©.