2011-09-29 13:32:45

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Նուիրուած Կոթող Մը Մոսկուայի Մէջ։


Մոսկուայի օտար գրականութեան մատենադարանին մէջ, 30 սեպտեմբերին բացումը կը կատարուի Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին Նուիրուած կոթողին ։ Բոլորին յայտնի էր որ երջանկայշատակ քահանայապետը կը սիրէր Ռուսիան եւ կը բաղձար այցելել զայն, սակայն չկրցաւ իրականացնել իր այդ երազը։ ''Հիմա որ երանելի հռչակուած է Եկեղեցիէն , ոչ ոք կարող է արգելք հանդիսանալ Անոր պաշտպանութիւնը եւ բարեխօսութիւնը հայցելու'', կը կարդանք Մոսկուայի Անարատ Յղութեան Տիրամօր եկեղեցւոյ պատկանող կայքին մէջ։ Նոյնպէս Զուիցերիոյ Թեսան քաղաքի Սդապիօ ժողովրդական եկեղեցւոյ այգիին մէջ կը բարձրանայ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի պրոնզէ կիսանդրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.