2011-09-28 13:06:34

Վատիկանի Ձայնասփիւռի 80-ամեակի Նշում՝ Ռատիոկայանի Պաշտպան Սուրբին՝ Ս. Գաբրիէլի Տօնին Առթիւ։


Ս Գաբրիէլի տօնին առթիւ՝ (պաշտպան Սուրբը Քահանայապետի ձայնասփիւռին) Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող՝ Լուրտի Տիրամօր նուիրուած քարայրին առջեւ, հինգշաբթի 29 սեպտեմբերին՝ ժամը 9-ին, հանդիսաւոր Ս. Պատարագով պիտի նշուի Վատիկանի Ձայնասփիւռի 80-ամեակը, պատարագին պիտի նախագահէ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը։ Այս կարեւոր արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան սոյն ռատիոյի պաշտօնեաները , գործակիցները եւ երբեմնի աշխատակիցները, իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։ Ս. Զոհի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն մը, Ռատիոյի գիւտարար Կուլիէլմօ Մարքոնիի անուան հեռասփրիչ կայանի կից հրապարակը, որ եղած է առաջին կեդրոնը Ռատիօ Վատիկանին։ Այս առթիւ քահանայապետական շքանշաններով պիտի մեծարուին ռատիօ Վատիկանի կարգ մը պաշտօնեաները։
Պատարգին ընթացքին, սարկաւագութեան մասը յանձնուած է Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի նախկին տնօրէն՝ Տ. Միքայէլ Սրկ. Ժանժէին։ Սրբազան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն ռատիոյի երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Քոյր Պէաթրիչէ Մանաբարմբիլի։








All the contents on this site are copyrighted ©.