2011-09-28 13:08:38

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Պատմական Վեհաժողովը։


Նախաձեռնութեամբ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ հիւրընկալութեամբ Լիբանանի միւֆթի՝ շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, Գշ. 27 Սեպտեմբերին, ժամը 11-ին, Տար Ֆաթուայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, որ եղաւ պատմական` նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութիւնն ու այդ վեհաժողովին ընթացքին քննարկուած կարեւոր հարցերը:
Վեհաժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանը բաղկացնող 17 համայնքներուն հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին նաեւ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։
Իր արտասանած խօսքին մէջ միւֆթի Քապպանի անդրադարձաւ ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ` ամբողջ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ հաստատուած այն ուխտին, թէ իրենք պիտի հոգան իրարու ապահովութեան ու անվտանգութեան:
Ռայի պատրիարքը նիստին մասնակիցներուն ներկայացուց Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, յայտնելով որ ինք՝ Ֆրանսայէն խնդրած է որ ամէն ջանք ի գործ դնէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու՝ որպէսզի ամրապնդուի Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, նաեւ պահանջած է որ ֆրանսան օժանդակէ լիբանանեան բանակին հզօրացման ։
Ռայի պատրիարքը նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ միջադէպերուն մասին։ Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց այս առընչութեամբ եւ մաղթեց որ Սուրիոյ մէջ ապահովական իրադարձութիւնները չյանգին սիւննի եւ ալեւի համայնքներուն միջեւ քաղաքացիական պատերազմի մը։
Մոհամետ Սամմաք՝ ընդհանուր քարտուղարը Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհուրդին, կարդաց Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ՜՜ընդգծուեցաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան կենսականութիւնը` շեշտելով Միջին Արեւելքի մէջ անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը: Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն մերժելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհաժողովը ընդգծեց Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ կատարելու եւ ընկերային ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` կառչած մնալով անոնց տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան:
Վեհաժողովին ներկայ հոգեւոր պետերը դարձան Տար Ֆաթուայի ճաշի հիւրերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.