2011-09-27 12:44:19

Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը Հոկտեմբեր Ամսուայ ընթացքին


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ9 հոկտեմբերին հովուական այցելութիւնը կը կատարէ Լամեզիա Դերմէ եւ Սեռռա Պրունօ (Իտալիա) Թեմերուն ։ Իտալիոյ Գալապրիա մարզ կատարած իր այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցէ Լամեզիա Թերմէ քաղաքին մէջ, իսկ Սեռռա Սան Պրունօ Մենաստանի մէջ նախապէս պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ։
Կիրակի 16 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին՝ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Նոր Աւետարանացումի դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ , հուսկ 23 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ 3 երանելիներու՝ Կուիտօ Մարիա Գինֆորդիի, Լուիճի Կուանէլլայի ու Պոնիֆաչիա Րոտրիկէզ Տէ Հասդրոյի Սրբադասման արարողութիւնը։
Չորեքշաբթի հոկտեմբերի 26 ին` Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը տեղի կ՛ունենայ պատրաստողական աղօթքը, Ասսիզիի Համամիութենական Հաւաքին ։
2011-ի՝ մէկ Յունուարին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, փափաք յայտնած էր այցելելու Ասսիզի, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի միջ-կրօնական պատմական հաւաքին 25րդ տարեդարձին առթիւ։
Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը այդ հաւաքը կատարած էր, Սուրբ ֆրանչիսկոսի քաղաք՝ Ասսիզիի մէջ, 27 հոկտեմբեր 1986ին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս լուրը հաղորդելով, փափաք յայտնած ու հրաւէր ուղղած է քոյր եկեղեցիներու եւ աւանդական կրօններու ներկայացուցիչներուն սոյն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար, հրաւիրելով նաեւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկը։ Ասիզիի հաւաքը նախատեսուած է 27 հոկտեմբեր 2011-ին՝ որուն պիտի մասնակցին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.