2011-09-27 12:48:43

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Նոր Հրատարակութիւնները։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը հրատարակած է Համաբարբառ Յայսմաւուրք նախածերենցեան 6 խմբագրութիւններու յունիս, յուլիս եւ նոյեմբեր ամիսներու հատորները։ Այս հատորներու լոյս ընծայմամբ համալրուեցաւ Յայսմաւուրք ժողովածուի 12-հատորեայ շարքը։
Յայսմաւուրք ժողովածուն Հայ եկեղեցւոյ ծիսական գրքերէն մէկն է։ Անիկա կը պարունակէ նահատակուած կամ ննջած սուրբերու համառօտ վկայաբանութիւններն ու վարքերը, ինչպէս նաեւ տէրունական տօներու մասին յօդուածներ, եւ նախատեսուած է ամենօրեայ ընթերցումներու համար եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւններէն առաջ կամ յետոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.