2011-09-27 12:49:09

Հայ Կաթողիկէ Պատուիրակութեան Վերադարձը Համահայկական Համաժողովէն։


Երեւանի մէջ, 19 եւ 20 Սեպտեմբեր 2011-ին, տեղի ունեցաւ համահայկական համաժողովը մասնակցութեամբ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բարձրաստիճան ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ՝ արհիապատիւ Րափայէլ արք. Մինասեան, որ ներկայացուց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, եւ որուն ընկերացան՝ Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ վրդ. Այվազեան, Գերապատիւ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան. պր. Սարգիս Նաճարեան, տիկ. Զուարթ Նաճարեան, պր. Սարգիս Քէշիշեան եւ պր. Րաֆայէլ Ումուտեան։
Պատուիրակութեան անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին համաժողովի տարբեր յանձնախումբերուն ու նիստերուն։ Հայոց ցեղասպանութեան - հայ դատ թեմայով նիստին մասնակցեցաւ պր. Րաֆայէլ Ումուտեանը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ թեմայով նիստին մասնակցեցաւ պր. Սարգիս Քէշիշեանը, Լեզու եւ Կրթութիւն թեմայով նիստին մասնակցեցաւ տիկ. Զուարթ եւ պր. Սարգիս Նաճարեան, որ իր ընդմիջումին մէջ հաստատեց քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայ լեզուի եւ ընդհանուր կրթութեան կողքին, իսկ Երիտասարդական յանձնախումբի աշխատանքներուն մասնակցեցաւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը։
Հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած համերգին ու զինուորական հանդէսին։
Երեւանի մէջ համահայկական համաժողովին մասնակցող հայ կաթողիկէ պատուիրակութեան անդամ՝ Լիբանանի «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու տնօրէն պր. Սարգիս Նաճարեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի տեղական մամուլին հետ։
Համախմբուածութիւնը, սփիւռքահայ կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, ղեկավարներու այսքան բազմաթիւ մասնակցութիւնը վկայութիւնն է սփիւռքահայութեան, համայն Սփիւռքի՝ հայրենիքի հանդէպ տածած սիրոյն եւ հայկական պետականութիւնը հզօրացած տեսնելու նախանձախնդրութեան: Եթէ այդ սէրը և նախանձախնդրութիւնը չլինէր, այս մարդիկ հոս ի՞նչ գործ ունէին:
Ասիկա վկայութիւնն է նաեւ համահայկական հիմնախնդիրները միասնական ճիգերով լուծելու պատրաստակամութեան: Հիմնախնդիրները միայն Սփիւռքինը, Հայաստանինը կամ Արցախինը չեն, այլ համայն հայութեանն են, համայն ազգինն են, հետեւաբար համայն ազգը միայն միաբռունցք, միասնական, միաբերան կրնայ այդ խնդիրները լուծելու աշխատանքները սկսիլ: Եւ յուսամ, որ այս համաժողովը այդ աշխատանքներու մեկնակէտը կը դառնայ:
Խորհրդանշական է, որ մենք հայրենիքի մէջ հաւաքուած ենք Անկախութեան տօնին: Անկախութիւնը ոեւէ երկրի, ոեւէ ժողովուրդի համար բարիք պէտք է դառնայ, ժողովուրդը անկախութեան բարիքը պէտք է վայելէ, որովհետեւ անկախութեան համար պայքարած կ'ըլլայ, քանզի անկախութիւնը հենց այնպէս չի տրուիր. անիկա պայքարի, տոկունութեան եւ զրկանքի արդիւնք է: Այնուհետեւ, երբ անկախութիւնը ձեռք կը բերուի, պէտք է անկախութիւնը ժողովուրդը վարձատրէ: Այսօր, շատ անկեղծ կ'ըսեմ, դժբախտաբար, վարձատրութիւնը առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ իրականացած չէ: Ժողովուրդը այդ անկախութեան բարիքն ամբողջութեամբ չի վայելեր: Մաղթանքս, ցանկութիւնս է, որ իշխանութիւնները անկախութիւնը ժողովուրդի համար բարիք դարձնելու աշխատանքին լծուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.