2011-09-27 12:48:59

Եկեղեցիներու Եւրոպական Խորհուրդի Կենտրոնական Կոմիտէի ժողով Բրակայի Մէջ։


Չեխ Հանրապետութեան մայրաքաղաք Բրակայի Մէջ Սեպտեմբեր 21-էն 24 տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Եւրոպական խորհուրդի Կեդրոնական կոմիտէի ժողովը որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Եկեղեցիներու Եւրոպական Խորհուրդի ապագայ գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան եւ 2013-ին Պուտաբեշտի մէջ կայանալիք ԵԵԽ համաժողովի կազմակերպման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ներկայացուեցաւ ԵԵԽ-ի տարեկան ֆինանսական հաշուետուութիւնը։
ԵԵԽ կեդրոնական կոմիտէի անդամները նաեւ հադիպում ունեցան Չեխ Հանրապետութեան մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպական երկիրներու մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութեամբ համատեղ առաքելութիւն իրականացնելու վերաբերեալ շարք մը խնդիրներ։
ԵԵԽ Կեդրոնական կոմիտէի ժողովին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուց , Գարեգին աբեղայ Համբարձումեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.