2011-09-26 13:28:33

Վերջ Գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գերմանիա Կատարած Առաքելական Ճամբորդութիւնը։


Կիրակի 25 սեպտեմբերի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ֆրէյպուրկի մէջ մատոյց գերմանիոյ առաքեալական այցելութեան եզրափակիչ պատարագը, ի ներկայութեան 100.000 ուխտաւորներուն, ու այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց գերմանացի կաթողիկէները << պաշտամունքը պարզ սովորութիւն դարձնելէ >> ու զանոնք յորդորեց մնալու միութեան մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գերմանիան այցելեց մանաւանդ զգուշացնելու Կաթողիկէները որ կրօնի հանդէպ <<գաղջ>> մօտեցում չունենան, ու նաեւ՝ զանոնք հաստատելու համար հաւատքին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ եկեղեցւոյ ապրած տագնապը հաւատքի տագնապ մըն է, եւ թէ եկեղեցւոյ հարցերը իր հակառակորդներէն կախեալ չեն այլ <<գաղջ>> հաւատացեալներէն։
Լուտերական եկեղեցւոյ հետ հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Քրիտոնէութեան պահպանումի կարեւոր մարտահրաւէրը։
Այս նիւթերը եղան նաեւ Նորին Սրբութեան հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին արատասանած ճառին գլխաւոր կէտերը։
Կիրակի օրը, երեկոյեան ժամը 18.35-ին՝ ֆրէյպուրկի Լահր կոչուած օդակայանին մէջ, Դաշնակացային գերմանիոյ Նախագահի բարի երթի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Նախագահին ու Գերմանիոյ ժողովուրդին, իրեն վերապահուած սիրալիր ընդունելութեան համար։
Սրբազան Հայրը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ կարտինաալ Րոպերթ Զոլլիթշին ու բոլոր անոնց որոնք սատարեցին առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Գերմանիոյ այցելութեան զանազան հանգրուաններուն, սկսելով 22 սեպտեմբերի Պերլինին մէջ Բարի Գալուստի ընդունելութենէն, ապա խօսեցաւ Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին մասին Լուտերի ապրելավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ, հրեայ եւ մահմետական հասարակութիւններու պատգամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին։
Սրբազան Հայրը նշեց որ այս ճամբորդութիւնը յատկացուած էր գլխաւորաբար գերմանացի Պերլինի, Էրֆուրդի եւ ֆրէյպուրկի կաթողիկեներուն, եւ ուրախութեամբ նշեց աղօթքի ու ամփոփումի պահերը, մաղթելով ու յուսալով Գերմանիոյ քրիտոնեաներուն ու եկեղեցւոյ համար բարելաւ ապագայ մը։ Պենետիկտոս ԺԶ. յատուկէն նշեց շաբաթ օրուայ երիտասարդներուն հետ հսկումի աղօթքը, քաջալերելով երիտասարդները հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ ու շարունակելու աւետարանութեան ճանապարհը։
՜՜Հոն ուր Աստուած կայ հոն է նաեւ ապագան՝՝ ըսաւ Սրբազան հայրը եզրափակելով իր հրաժեշտի խօսքը <<քաղցր յուշերով կը թողում իմ երկիրս ու կը վերադառնամ Հռոմ, իմ աղօթքներս վստահեցնելով ձեզի բոլորիդ ու մեր երկրին համար հայցելով խաղաղութիւն եւ ազատութիւն։ “Vergelt’s Gott” Աստուած ձեզ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.