2011-09-26 13:30:56

Սքանտինավիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Մեծ Զարթօնքի Մէջ Է։


Սքանտինավիոյ բոլոր երկիրներու մէջ, կաթողիկէ եկեղեցին մեծ աճ կ'արձանագրէ, շնորհիւ՝ տեղացիներու դարձին ու գաղթականներու եւ փախստականներու ներկայութեան։
Ներկայիս Տանեմարքի, Շուէտի, ֆինլանտիայի, Նորվեկիոյ եւ Իսլանտիայի եօթը թեմերու եպիսկոպոսները Գերմանիոյ Բատերպոն քաղաքին մէջ ժողով կը գումարեն։ Կաթողիկէ հաւատացեալները կը հաշուեն 430 հազար։ Նորվեկիոյ կաթողիկէներու թիւը կրկնապատկուեցաւ այս վերջին տարին։
Այլ մէկ երեւոյթը հաւատքի վերազարթնումին՝ ուխտագնացութիւններու վերաշխուժումը, որ մոռցուած էր վերանորոգումի 16-րդ դարու շրջանէն ասդին։ Նոյնպէս վանքերու եւ մենաստաններու հաստատումը, կը կենդանացնեն անցեալի աւանդութիւնը։
Եպիսկոպոսներու գնահատումով՝ այս երեւոյթները կը խթանեն համամիութենական համագործակցութիւնը։ Սքանտինավիոյ եպիսկոպոսները, յառաջիկայ իրենց գարնանային համաժողովի աշխատանքներուն, կլոր սեղան պիտի գումարեն լիւտերականներուն հետ, եւ այս առթիւ՝ հրաւիրած են կարտինալ Գոխը` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին մասնակցելու աշխատանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.