2011-09-25 11:07:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Գերմանիոյ Առաքելական Ճմաբորդութեան Եզրափակիչ Սուրբ Պատարգի Ընթացքին - ֆրէյպուրկ։


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր

Ինծի համար յուզումի պահ է անգամ մը եւս այստեղ մատուցել գոհութեան Սուրբ Զոհը գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէն ժամանած բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ որուն մէջ կ՛ապրինք։ Ապա շնորհակալ եմ ձեզի բոլորիդ ձեր աղօթքներուն զոր կը բարձրացնէք Սուրբ Պետրոսի յաջորդին համար որպէսզի ան կարենայ վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ շարունակել իր առաքելութիւնը եւ իր եղբայրակիցները հաստատել հաւատքի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ ժամանակակից իրադրութիւնը պարզեց քրիստոնէական հեռանկարով։ Կան Աստուածաբաններ որ կեանքի յաճախ սարսափելի պատեհութիւններու դիմաց կ՛ըսեն թէ Աստուած Ամենակարող չի կրնար ըլլալ։ Բայց մենք միշտ կը դաւանինք Աստուած որպէս Ամենակալ` Արարիչ երկինքի ու երկրի։ Բայց նաեւ հասկնալու ենք թէ Ան իր ուժը կը բանեցնէ ոչ թէ մարդկային ըմբռնումով այլ տարբեր ձեւով։ Ան սահմանափկեց իր զօրութիւնը իր արարծներուն տուած ազատութեան դիմաց։ Ու մենք շնորհակալ ըլլալու ենք ազատուեթեան անսահման այս պարգեւին համար։ Թէեւ վախը կը պատէ մեր սրտերը երբ ականատես ըլլանք սարսափ պատճառող իրողութիւններուն։ Յոյսերնիս դնենք Աստուծոյ վրայ որուն զօրութիւնը ի յայտ կու գայ ողորմութեան եւ ներումի միջոցաւ եւ վստահ ըլլանք որ Աստուած կ՛ուզէ իր ժողովուրդին փրկութիւնը։ Մեր փրկութիւնը` նա մանաւանդ դժուար ու արմատական յեղաշրջումի ժամանակներու ընթացքին Ան մօտ է մեզի` անոր սիրտը մեզի կը նայի։ Անոր ողորմութեան ուժը մեր սրտերուն հասնելու համար հարկ է որ մենք բացուինք Իրեն` ու տեղ պատրաստենք Խօսքին։ Աստուած կը յարգէ մեր ազատութիւնը -ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու ապա իր խօսքը կեդրոնացուց օրուան աւետարանի Մատթէոս աւետարանէն քաղուած երկու որդիներու առակին վրայ որոնց հայրը իրենցմէ կը խնդրէ որ այգիին մէջ աշխատին ։ Առաջինը հօր խնդրանքին դիմաց <<Զեմ ուզեր>> կը պատասխանէ բայց ապա զղջալով կը յօժարի ու այգի կ՛երթայ մինչ երկրորդը առանց վայրկեան մը վարանելու <<կ՛երթամ Տէր>> կը պատասխանէ իր հօրը։ Յիսուս հարց կու տայ թէ երկուքէն ո՞վ է որ իր հօր կամքը կատարեց ու պատասխան կը ստանայ <<առաջինը>>։ Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի կ՛աւելցնէ Յիսուս Մաքսաւորները ու պոռնիկները ձեզ կը կանխեն երկնքի Արքայութեան մէջ։
Յիսուս այս պատգամը կ՛ուղղէ ժողովուրդի ծերերուն եւ քահանայապետներուն այսինքն Իսրայելի կրօնի մասնագէտներուն։ Անոնք որ սկիզբը այո կ՛ըսեն Աստուծոյ կոչին բայց իրենց հաւատքը կը դառնայ սովորական եւ այլեւս չեն հետաքրքրուիր Աստուծմով։ Այս խօսքերը մեզի մտածել տալու են թէեւ այս չի նշանակեր որ բոլոր անոնք որ եկեղեցւոյ մէջ կ՛ապրին կը հեռանան Աստուծմէ։ Ոչ երբէք։ Ընդհակառակը առիթէն կ՛օգտուիմ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր այն կամաւորներուն ու գործակիցներուն առանց որոնց ժողովրդապետութիւններու ու եկեղեցւոյ կեանքը անկարելի կ՛ըլլար։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <<Հարց տանք ի՞նչպէս է իմ կապս Աստուծոյ հետ, աղօթքի ընթացքին, պատարագի մասնակցութեամբս, սուրբ գրային խորհրդածութիւններու մէջ եւ եկեղեցւոյ վարդապետութեան ուսումնասիրութեան ընթացքին։>> ու շարունակեց - Սիրելի բարեկամներ եկեղեցւոյ բարենորոգումը կարելի է միայն ապաշխարութեամբ ու վերանորոք հաւատքի մը միջոցաւ։
Իսկ քարոցին վերջին մասը - Նորին Սրբութիւնը - վերապահեց Գերմանիոյ եկեղեցւոյ ու անոր առջեւ գտնուած մարտահրաւերներուն յորդորելով եկեղեցւոյ կառոյցները ու հաւատացեալները հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ ու մնալու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ միութեան մէջ։ Այսպէսով միայն - ըսաւ ան - Գերմանիոյ եկեղեցին պիտի ըլլայ օրհնութիւն մը համայն կաթողիկէ աշխարհի համար։ Ու եզրափակեց` <<Աստուծմէ խնդրենք քաջութիւն եւ հեզութիւն քալելու հաւատքի ճանապարհով եւ անոր ողորմութեան հարստութենէն օգտուինք ու մեր աչքերը սեւեռած մնան Քրիստոսի վրայ` Անոր Խօսքին որ կը նորոգէ ամէն ինչ ու մեզի համար ''ճանապարհ` ճշմարտութիւն ու կեանք'' է, ու նաեւ մեր ապագան։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.