2011-09-25 10:23:30

Նորվեկիոյ Դեսպանի Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան-Պէյրութ


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ( Ժէիթաուի) Չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսօրին ընդունեց Նորվեկիոյ լիազօր դեսպան Սվէյն Աասսը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ժողովրդապետը՝ սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ:
Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ հայ Եկեղեցւոյ պատմականին , նշելով հայոց քրիստոնէացումը 301 թուին, ապա պատմական հոլովոյթը մինչեւ 1915-ի ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց նաեւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արմատներն ու նուիրապետական աթոռին հաստատումը Զմմառու վանքին մէջ 18-րդ դարէն սկսեալ։ Ան դեսպանին պարզեց նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքին իրավիճակը Լիբանանի մէջ, ժողովրդապետութիւնները ու կրթական հաստատութիւնները, որոնք միշտ կը պահեն հայ լեզուն ու մշակոյթը լիբանանեան իրականութեան մէջ։
Հոգեւոր Տէրը եւ դեսպանը անդրադարձան նաեւ արաբական երկիրներու մէջ ներկայիս տեղի ունեցած յեղաշրջումին ու զարգացումներուն , նկատի առնելով անոր լուրջ հետեւանքները շրջանի կայունութեան ու քրիստոնեաներու գոյավիճակին համար։
Հանդիպման աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց դեսպանը այցելելու Զմմառու հնադարեան վանքը, եւ անոր նուիրեց երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի յուշագիրքը։Նշենք թէ Նորվեկիոյ Դեսպանը նաեւ այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա կաթողիկոսին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.