2011-09-25 10:22:04

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արժանացաւ «ԷԼԼԻՍ ԿՂԶԻ» Մետալին։


Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առջի օր գնաց Էլլիս Կղզի-ն ,եւ ուր ան այցելեց Ներգաղթի Թանգարանը ,եւ դիտեց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Էլլիս կղզիէն Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսը :

Նախագահ Սարգսեանը կղզիին մէջ հիւրընկալեցին եւ անոր ուղեկցեցան Միացեալ Նահանգներու «Կազմակերպութիւններու ազգային ցեղային դաշինք»ի նախագահ Նասեր Քազեմին, դաշինքի խորհուրդի անդամներ եւ ամերիկահայ ներկայացուցիչներ: Դաշինքի նախագահ Նասեր Քազեմի նախագահ Սարգսեանին շնորհեց «Էլլիս Կղզի» պատուոյ մետալը` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ հանրապետութեան նախագահին ունեցած ներդրումին, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանման, անոր նուիրումին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ներգաղթեալներու արդիւնաւէտ համարկման ուղղութեամբ գործունէութեան համար:

Նշուեցաւ, որ պատուոյ մետալի շնորհման 25-ամեայ պատմութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջին օտարերկրեայ ղեկավարն է, որ արժանացած է այդ պատիւին:
Արդարեւ մինչեւ այսօր դաշինքի «Էլլիս Կղզի» պատուոյ մետալով պարգեւատրուած հազարէն աւելի անձերու շարքին եղած են Միացեալ Նահանգներու 6 նախագահներ, տասնեակ մը արտաքին գործոց նախարարներ, ծերակուտականներ, քոնկրեսականներ, նոպելեան մրցանակակիրներ, արուեստագէտներ եւ ձեռնարկատէրեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.