2011-09-24 11:19:49

Քահանայական Ձեռնադրութեան 25-ամեակ՝ Գերապատիւ Հ. Յովսէփ Վրդ. Պեզեզեանի, Հալէպի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ-Սուրիա։


Կիրակի 18 Սեպտեմբերին ժամը 10-ին՝ Հալէպի հայաշատ թաղամաս Մէյտանի՝ Զուարթնոց - Ս. Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագի ընթացքին, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, նշուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ՝ ժողովրդապետ գերապատիւ Հ. Յովսէփ վրդ. Պէզէզեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը։
Ներկայ էին հայ կաթողիկէ կղերը Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը։
Այս առթիւ Յոբելեար վարդապետը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ որ զինք կանչեց քահանայութեան ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք ըլլայ քահանայութեան պատրաստութեան տարիներուն ըլլայ այս 25 տարիներուն քաջալեր ու զօրավիգ կանգնեցան որպէսզի հովուէ իրեն յանձնուած հօտը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու յատկապէս այս յեբելեանը կազմակերպող յանձնախումբին, խնդրելով բոլորէն որ աղօթեն իրեն համար լաւագոյնս ծառայելու Տիրոջ այգիին մէջ։
Այս առթիւ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան շնորհաւորեց յեբելեար վարդապետը վեր առնելով անոր աղօթասիրութիւնը ու անշահախնդիր նուիրումը եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու համար այս առթիւ նաեւ շնորհեց Ծայրագոյն վարդաղետին աստիճանը։
Յաւարտ Ս. Պատարագին ժողովրդապետութեան յատուկ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

կենսագրական գիծերը...
Հալէպի զաւակ Գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ Վրդ.Պէզէզեան ծնած է 1961-ին, փոքր տարիքէն զգացած է փափաքը ծառայելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ , 1973-ին մտած է Հալէպի փոքր նորընծայարանը եւ աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումները 1979-ին ստացած է պետական պաքալորեայի վկայականը որմէ ետք ղրկուած է Հռոմ, Լեւոնեան Ք. վարժարան, աւելի խորացնելու իր գիտութիւնը հայ Ծէսի, հայ եկեղեցւոյ Պատմութեան ու Վարդապետութեան նիւթերուն մասին, մինչ կը հետեւէր Պենետիկտեան հայրերու Անճելիքում քահանայապետական համալսարանին մէջ փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ 1986-ին Հալեպի թեմին, ձեռամբ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի առաջնորդը Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց եւ ապա շարունակելով իր ուսումները ՜՜Եկեղեցական Կանոնագիտութեան մէջ՝՝ Լատերանեան համալսարանը որմէ վկայուեցաւ 1987-ին։
Պաշտօնավարեց Հալէպի մէջ, որպէս ժողովրդապետ, 1987-ին որպէս անդամ կաթողիկէ ատեանին զանազան պաշտօններ ստանձնելէ ետք որպէս փաստաբան եւ դատաւոր 2006-ին նշանակուեցաւ Նախագահ սոյն Ատեանին։
1988-ին տնօրէնն էր Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ վարժարանի նախակրթարանի բաժնին ու 1997-ին մինչեւ 2002 ստանձնեց նաեւ սոյն վարժարանի ընդհանուր տնօրէնը. որմէ ետք նշանակուեցաւ Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի մեծաւոր երեք տարուայ համար։
Հայր Յովսէփ Պեզեզեան 1987-էն մինչեւ 2002, եւ ապա 2006-էն մինչեւ այսօր պատասխանատուն է Թեմի երիտասարդաց գուրծունութիւններուն. ըլլալով 2000-ի Յոբելեանի պատրաստողական աշխատանքներու յատուկ յանձնախումբին քարտուղարը, այս ծիրէն ներս ան 2000-ի յոբելինական տարիէն ի վեր կը կազմակերպէ երիտասարդներու՝ (ՃՄՃ -ի ) ուխտագնացութիւններ։
2008-ին Արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան (Բերիոյ թեմի առաջնորդը) զինք նշանակեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ու Զուարթնոց ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւը։
2006-էն ի վեր անդամ է ՜՜Ամենագթաց Սիրոյ Որդիներու՝՝ միաբանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.