2011-09-24 11:57:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլխաւորեց Մարեմեան Երեկոյեան Աղօթքը Աւելի Քան 90 Հազար Հաւատացեալներու Մասնակցութեամբ։


Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց քրիստոնեաները, որ որպէս կեանքի տիպար, նախընտրեն ՜՜ինքնանուիրումը քան ինքնաիրականացումը՝՝ որովհետեւ անհատը կարող չէ ճշմարտապէս բարգաւաճիլ ինքնաիրականացումով։
Ներկայ աշխարհը կ'առաջարկէ ինքնաիրականացումը որպէս կեանքի օրինակ, սակայն այդ իրականութիւնը շուտով կարող է փոխուիլ նրբացած եսապաշտութեան, հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելի լաւ է նախընտրել ինքնանուիրումը։
Մարեմեան երեկոյեան աղօթքի սկիզբը, հաւատացեալները Սրբազան Քահանայապետին նուիրեցին խաչը հիւսուած՝ այն ցանցով որ ժամանակին ծառայած էր որպէս սահման Արեւելեան ու Արեւմտեան Գերմանիոյ։
Յայտնենք որ Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ս. Օգոստինոսի վանքը կատարած պատմական այցելութեան համար, որովհետեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ եղբայրական ու անկեղծ մթնոլորտին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.