2011-09-24 11:19:41

Նորին Սրբութիւնը Հանդիպեցաւ Գերմանիոյ Հրեայ Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի 22 սեպտեմբերի յետ միջօրէին Դաշնակցային Գերմանիոյ Խորհրդարանի Սրահներէն մէկուն մէջ Հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Հրեայ Հասարակութեան 15 Ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ << Ատոլֆ Հիթլէրը հեթանոսներու չաստուածի մը նման էր որ կ՛ուզէր Աստուածաշունչի Աստուծոյ տեղը գրաւել>> ու աւելցուց որ Նացիական վարչութեան գործունէութիւնը հիմնուած էր ցեղապաշտ եւ ահաբեկչութեան գաղափարականներու վրայ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց որ Աստուծոյ մերժումը կը մղէ որ մարդու արժանապատութեան յարգանքը կորուստի մատնուի եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին մեզի ներկայացուած ողբերգրական պատկերները ցոյց կու տան թէ՝ ուր կարող է հասնիլ մարդը որ կը մերժէ զԱստուած։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հրեաներու հետ երկխօսութեան գործընթացքին՝ զայն նկատելով համայն կաթողիկէ աշխարհի հետ երկխօսութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.