2011-09-24 12:55:18

Աստուծոյ Աղախին Մարիա Ճուլիա Իվանիզէվիչ ու իր Միաբանակից Չորս Քոյրերը՝ Խորաններու Պատւոյն։


24 Սեպտեմբեր (2011) Սարայէվօ-ի (Պոսնիա-Էրզէկովինա) Զէթրա անուան Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ Երանուհի հռչակուեցան՝ Քոյր Ճուլիա Իվանիզէվիչ,Քոյր Գարօլին Աննա Լէիտէնիքս, Քոյր Գրիզինա Պոժանք ,Քոյր Անթոնիա ֆապիան եւ Քոյր Պէրնատէթ Պանժա՝ Աստուածային Ողորմութեան Դուստրերու Միաբանութեան 5 Ուխտեալ Մայրապետները՝ձեռամբ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի, Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը եւ միաժամանակ ներկայացուցիչը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետին, որու հետ այս առթիւ համապատարագեց Սարայէվոյի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Վինքօ Բուլյիչ։
Հինգ նոր Երանուհիները կը պատկանէին ԲԱԼԷ քաղաքի հասարակութեան,եւ հոն կը կատարէին իրենց առաքելութիւնը՝ համամիութենական ,հովուական եւ եղբայրսիրական մարզերէն ներս։ Իրենց Վանքին մէջ որ ՝՝աղքատներու տունը ՝՝ կը կոչուէր կը հիւրընկալէին հիւանդները,կազդուրման վիճակի մէջ գտնուողները,աղքատները ու փախստականները։ Անոնց վեհանձն ու ձրի գործունէութիւնը ծանօթ էր մարզի բնակիչներուն ,մեծմասամբ օրթոտոքսներ։ 1941ին,համաշխարհային Բ.պատերազմի սպառնալիքի առջեւ ,կրօնաւորուհիներուն խրատուեցաւ հեռանալ ԲալԷ-էնՙ( քաղաք Պոսնիա-Էրզէկովինայի) եւ պատսպարուիլ Սարայէվօ,բայց Միաբանութիւնը ուզեց մնալ հոն, եւ բերել իր ծառաութիւնը վայրի բնակիչներուն որեւիցէ դաւանանքէ ու ազգութենէ որ անոնք ըլլան ։
11 Դեկտեմբերի գիշերը (1941) զինեալ սերպեր բռնի ուժուվ մուտք գործեցին Վանքէն ներս եւ ստիպեցին հինգ մայրապետները եւ սլովէն քահանան դուրս ելլել գրեթէ կիսամերկ, եւ անոնք այլ պատադներու հետ միասին յետիոտն երկար ճամբորդութեան մը սկսան ձիւնի մէջ, լեռներու ընդմէջէն,բայց Քոյր Գարօլինա Աննան ամենատարեցը սպառած ըլլալով, թողուեցաւ Սըժէթլինա կոչուած գիւղը ։
15 Դեկտեմբերին Կորատզէ կոչուած վայրի զօրանոցը բանտարկուած չորս մայրապեներուն սերպ զինեալներու կողմէ առաջարկուեցաւ հրաժարիլ իրենց ուխտէն,իրենց կեանքի փոխարէն,բայց ի տես անոնց մերժումին, նախ բռնաբարեցին կրօնաւորուիները ապա սպաննեցին զանոնք , ու ապա անոնց մարմինները նետեցին Տրինա գետը։ 23 դեկտեմբերին սերպ զինեալները գացին Սըժէթլինա գիւղը Քոյր Քարոլինան առնելու,ըսելով թէ իր միաբանակից քոյրերուն քով պիտի տանին,ու նաեւ զայն սպաննեցին նոյն օրը ։
Այսօր ԲԱԼԷ քաղաքի փոքր միաբանութեան մեծաւորուհին Քոյր Մարիա Ճուլիա Իվանիզէվիչ-ը ու իր Միաբանակից չորս Քոյրերը արժանացան Խորաններու Պատւոյն։
Նշենք որ Հինգ Երանուհիներու պատկանած Աստուածային Ողորմութեան Դուստրերու Միաբանութիւնը հիմնուած է Վիէննա 1868-ին Մայր ֆրանչիսքա Լէխնէր-ի կողմէ։ Ներկայիս Միաբանութիւնը կը հաշուէ 1140 անդամներ եւ կը գործէ Եւրոպայի 19 երկիրներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.