2011-09-23 12:07:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Դաշնակցային Գերմանիոյ Խորհրդարանին Առջեւ։


Գերմանիայ կատարած չորս օրուայ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով Դաշնակցային Գերմանիոյ Խորհրդարանի հրաւէրին հինգշաբթի 22 սեպտեմբերի յետ միջօրէին այցելեց Դաշնակցային Գերմանիոյ Խորհրդարանը ուր զինք դիմաւորեց Խորհրդարանի Նախագահ Տիար Նորպէրթ Լամմէրթ որ Սրբազան Հայրը առաջնորդեց խորհրդարանի առաջին հարկ ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Սաշնակցայի Գերմանիոյ Կառավարական Ամենաբարձր իշխանութիւններու հետ. Գերմանիոյ Նախագահ Քրիստեան Վուլֆ` Վարչապետ Անկէլա Մերքել` Պունտսդակի (խորհրդարանի) եւ Պունտսրաթ (ծերակոյտ՜) նախագահներու եւ Սահմանադրական Ատեանի նախագահի հետ։ Այս հանդիպումներէն ետք Սրբազան Հայրը մուտք գործեց խորհրդարանի դահլիճ ուր նախագաէի ողջոյնի խօսքէն ետք Խօսք առաւ նաեւ նորին Սրբութիւնը իր ճարը կեդրոնացնելով Քրիստոնէական տեսլակէտը այսօրուայ ընկերային կեանքէն ներս նիւթին մասին ու ակնարկելով Եիրոպայի դերին ու գերմանիոյ իրավիճակի մասին։
Քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ արդարութեան ի նպաստ յանձնարում ի սպաս խաղաղութեան։ Քաղաքագէտը անշուշտ կը ձգտի անձնական յաջողութիւններ արձանագրելու սակայն յաջողութիւնը կախեալ պէտք է ըլլայ արդարութեան չափանիշէն։ Ապայ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց Քրիստոնէական արամատներուն ու անոնց կարեւորութեան ընկերութեան ու Պետութեան կեանքէն ներս։ Ու հրաւիրեց հեռու մնալ Եւրոպայի մէջ վերջերս յատնուած դրապաշտութեան գաղափարականէն որ շատ անգամ կը ներկայանայ որպէս բացարձակ իրականութիւն։ Նորին սրբութիւնը ապա դաստատեց որ եիրոպայի մշակուիթային ժառանգութիւնը կը յայտնաբերէ թէ ինչպէս Աստուծոյ մը գոյութեան համոզումով է որ մշակուեցան մարդու իրաւունքներու` հաւասարութլեան` անհատի արաժնապատուութեան իրաւունքի` եւ մարդու պատասխանատուօրէն գործելու գիտակցութեան գաղաբարները։ Եւրոպայի մշակոյթը ծնունդ առաւ Երուսաղէմի` Աթէնքի ու Հռոմի հանդիպումէն, Իսրայէլի Աստուծոյն հաւատքի` Յոյներու Փիլիսոփաներու բանականութեան եւ Հռոմի իրաւաբանութեան հանդիպումէն։ Այս հանդիպումը կը կաչմէ Եւրոպայի իքնութիւնը։ Աստուծոյ դիմաց մարդու ունեցած պարտականութեան գիտակցութեան եւ անհատի, ամէն անհատի անբռնաբարելի արժանապատութեան ճանաչումի հետեւանքով այս հանդիպումը հիմը դրաւ օրէնքի մը որուն պաշտպանութիւնը, այս պատմական շրջանի ընթացքին, մեցի յանցնուած կարեւոր պարտականութիւն մըն է








All the contents on this site are copyrighted ©.