2011-09-23 11:47:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գերմանիոյ մէջ - Երկրորդ Օր - Համամիութենական Հանգրուան


Սրբազան Քահանայապետի գերմանիա առաքելական այցելութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 7.15-ին, Առաքելական նուիրատան մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարգով, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ առաքելական դեսպանութեան համագործակիցներուն հետ. հուսկ ժամը 9ին՝ Պերլինի առաքելական դեսպանատան մէջ, հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Իսլամ հասարակութեան 15 ներկայացուցիչներու հետ։ Նշենք որ Գերմանիոյ Իսլամ հասարակութիւնը կը հաշուէ 4 էն 4.5 միլիոն անդամ որոնցմէ 70 առ հարիւրը թրքական ծագումով։
Գերմանիոյ Իսլամ հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը (75 առ հարիւրը) Սիւննիթ են։ Պերլինի մէջ մահմետականները ունին 10 իսլամ մանկամսուրներ մինչ գերմանիոյ մէջ կան կառավարութենէն պաշտօնապէս ճանչցուծ 15 իսլամ դպրոցներ։
Մահմետական հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպւմէն յետոյ Պենետիկտոս ԺԶ ուղղուեցաւ Պերլինի - Թեկել օդակայանը ուրկէ մեկնեցաւ Էրֆուրդ եւ ուր հասաւ ժամը 10.45ին
Էրֆուրդ՝ Թուրինճա նահանգի մայրաքաղաքն է, եւ ունի 200 հազար բնակչութիւն։ Էրֆուրդի մէջ Մարդին Լուտեր` վերանորոգման նախաձեռնողը, 1501էն սկսեալ հետեւեցաւ համալսարանական դասընթացքներուն ու ապա անդամ դարձաւ Ակոստինեաններու վանականներու միաբանութեան ու 1507ին քաղաքի մայր տաճարին մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ։
Բնակչութեան մեծամասնութիւնը Բողոքական կրօնքի յարեցաւ ու ապա դարձեալ կաթողոկէութիւնը ընդգրկեց Հակա- վերանորոգումի։ Էրֆուրդը այսօր համալսարանական քաղաք մըն է, ուր 200 հազար բնակչութեան 15 առ հարիւրը համալսարաբնական աշակերտներէ կազմուախ է ու աւետարանական եկեղեցւոյ հասարակութեան ուխտագնացութեան վայր որ Էրֆուրդ կը ժամանեն այցելելու Լուտերի ապրած վայրերը։
Էրֆուրհի թեմը ունի 12 հազար Գմ տարածութիւն։
Բնակչութեան թիւը կը հասնի 2.249.882-ի որնցմէ 7 առ հարիւրը կաթողիկէ է։ Հոն կը գործեն 155 ժողովրդապետութիւններ։ 181 թեմական կուսակրօն վարդապետներ։ 20 Կրօնաւորներ եւ 230 կրօնաւորուհիներ։ Էրֆուրդի թեմը ունի դաստիարակչական 81 կեդրոններ, ու 65 բարեգործական հաստատութիւններ։ Էրֆուրթի առաջնորդն է Գերապայծառ Ժոագին Վանքէ։

Էրֆուրդի մէջ նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ ԹուրիՆճա Նահանգի նախագահ Տիկին Քրիստին Լայպէրքնէխդի ու գերապայծառ Ժոագին Վանքէի կողմէ մասնակցութեամբ՝ եկեղեցական ու քաղաքական տեղական իշխանութիւններու պատուիրակութիւններուն։ Բարի գալուստի արարողութենէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Էրֆուրդի մայր Տաճար, որ քաղաքին խորհրդանիշն է, կառուցուած՝ 1154ին, եւ ուր Լուտերը քահանայ ձեռնադրուած էր։ Տաճարին այցելութենէն ու Տիրամօր արձանին առջեւ ջերմեռանդական աղօթքէն ետք Սրբազան հայրը ուղղուեցաւ Ակոսթինեան Վանականներու նախկին վանքը։ Վանքը հիմնուած էր 1277-ին, եւ հոն է որ Լուտերը ապրեցաւ մինչեւ 1521։ Վանքը այսօր դարձած է միջազգային հանդիպումներու վայր։
Oգոստինեան Վանականներու նախկին այս վանքին մէջ, նորին սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին ճառ մը արտասանեց անոնց, որմէ ետք վանքին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական արարողութիւն մը։ Ճաշէն ետք Սրբազան հայրը Իքնաթիռով կ՛ուղղուի դէպի Էլզէլսպախ ուր ժամը 17.45-ին, կը գլխաւորէ Մարեմեան արարողութիւն մը, աւարտելով իր գերմանիոյ մէջ կեցութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.