2011-09-23 12:04:16

ՊԵնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը Գերմանիոյ Մահմետական Ներկայացուցիչներուն Հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ Գերմանիա հաստատուած մահմետական զանազան ներկայացուցիչներուն իր խօսքը ուղղելով, ուրախութիւնը յայտնեց որ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ մահմետական համայնքներու միջեւ։ Վստահ եմ որ կարելի է արդիւնաբեր համագործակցութիւն ստեղծլ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ եւ այդպէսով կը սատարենք նոր ընկերութեան մը կերտումին, որ բազմաթիւ երեւոյթներով, տարբեր պիտի ըլլայ անցեալի ընկերութենէն։ Եւ որպէս կրօնական մարդիկ, իւրաքանչիւրի համաոզումներու հիմամբ, կարող ենք զօրաւոր վկայութիւն մը տալ ընկերային կեանքի զանազան խաւերուն։ Մասնաւորապէս կը մտաբերեմ ամուսնութեան վրայ հիմնուած ընտանիքի պաշտպանութիւնը, կեանքի պահպանումը, յղացումի առաջին պահէն մինչեւ բնական մահը, ընկերային կեանքի զարգացումը։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատեմ հաստատել խորհրդածութեան, երկխօսութեան ու աղօթքի օր մը աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան համար։ Այն ինչ որ կ'ուզենք կատարել յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Ասիզի կազմակերպած հանդիպումին 25-րդ տարեդարձին առթիւ։ Այդ համախմբումով կ'ուզենք ցոյց տալ որ որպէս կրօնական մարդիկ կ'ուզենք բերել մեր համեստ ոժանդակութիւնը լաւագոյն աշխարհի մը կերտումին, ճանչնալով միաժամանակ հարկաւորութիւնը, մեր ներգործութեան ազդեցութեան ի խնդիր, զարգանալու երկխօսութեան ու փոխադարձ գնահատանքի մէջ։
Այս զգացումներով, (ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով), կը վերանորոգեմ իմ սիրալիր ողջոյնս եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս հանդիպումին համար, որ կը ճոխացնէ իմ կեցութիւնը հայրենիքիս մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.