2011-09-23 13:15:29

Հոլանտայի Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւի Նախագիծը Վաւերացուց։


Հոլանտայի հայ համայնքի ղեկավարներէն Սմբատ Մարտիրոսեան Սեպտեմբեր 21ին հաղորդած է թէ Հոլանտայի Խորհրդարանը, հայկական համայնքի ջանքերուն շնորհիւ, վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի մը նախագիծը, հակառակ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը խոչընդոտող ուժեր կը շարունակեն անոր վաւերացումը ձախողեցնել, մտավախութիւն յայտնելով Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի թրքական համայնքին հետ յարաբերութիւններու վատթարացման շուրջ, յատկապէս, որովհետեւ Հոլանտայի թրքական համայնքը աւելի մեծ է, քան՝ հայկականը:
Այսօր հայ-հոլանտական յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւական բարձր մակարդակի վրայ, ցոյց տալով, որ համայնքի մը թիւը մեծ նշանակութիւն չունի» (աւելցուցած է Մարտիրոսեան):
Սմբատ Մարտիրոսեան նաեւ անդրադարձած է համայնքի ներքին խնդիրներուն՝ նշելով, որ համայնքը բաւական կուռ է, իսկ անոր խնդիրները սպառնալիք չեն ներկայացներ անոր գործունէութեան ու կարելի է զանոնք լուծել:








All the contents on this site are copyrighted ©.