2011-09-23 13:11:55

«Հայաստան Մտած է Տնտեսական Աշխուժութեան Հանգրուան՝՝ Կ՝ըսէ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։


Ըստ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան նախանցեալ օր հրապարակած ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող հիմնական տնտեսական ցուցանիշները օգոստոս 2011-ին կը վկայեն, որ Հայաստան մտած է տնտեսական աշխուժութեան հանգրուան:
Տիգրան Սարգսեան յայտնեց, որ աննախադէպ անկումէն ետք գիւղատնտեսութիւնը կ՛արձանագրէ աճի բաւական բարձր թափ, արդիւնաբերութիւնը բաւական բարձր կշռոյթով կ՛աճի. արտահանման աճի թափը կը գերազանցէ ներմուծման աճի թափին:
Այս ամէնուն զուգընթաց` անկումը կը շարունակուի շինարարութեան մարզին մէջ, ինչ որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լուրջ խնդիր կ՛որակէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.