2011-09-22 13:32:51

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնը՝ Երեւանի եւ Համայն Աշխարհի Մէջ։


Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 21 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսը:

Տակաւին առաւօտեան ժամը 10:00-էն զօրահանդէսին մասնակցող հրետանին եւ զօրամասերը կեդրոնացած էին Հանրապետութեան հրապարակին յարող Նալբանդեան, Աբովեան, Ամիրեան եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցներուն մէջ: Հազարաւոր քաղաքացիներ առաւօտէն տեղեր գրաւած էին փողոցներուն եւ հրապարակին երկայնքով` անկախութեան զօրահանդէսը եւ շքերթը դիտելու համար:
Զօրահանդէսի հրամանատար, Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով անձնակազմը ստուգելէն ետք զօրահանդէսի սկիզբի ազդանշանը տուաւ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց մասնակիցներուն, ապա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցեց, որ զօրքերը պատրաստ են զօրահանդէսին:

Իր ողջոյնը ուղղելով անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսի բոլոր մասնակիցներուն` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ այսօր Հայաստան իր բոլոր խնդիրներով հանդերձ, կայացած երկիր է, իսկ անոր վկան է այսօրուան զօրահանդէսը, իսկ ամէնէն սուղը անկախութեան սերունդն է, որ ազատ երկրի քաղաքացի է, եւ ինքզինք չի պատկերացներ այլ կարգավիճակի մէջ ու շատ բան ունի տալիք իր երկրին եւ ժողովուրդին:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ երկու տասնամեակներու ընթացքին Հայաստան յաջողած է հսկայական թռիչք արձանագրել, բայց տակաւին շատ ընելիքներ կան: «Թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ բացթողումները մերն են: Այդ գիտակցութեամբ յաջորդ 20 տարիներուն ի զօրու ենք կառուցելու երկիր մը, որ մօտ պիտի ըլլայ մեր իտէալներուն, քանի որ ես կը հաւատամ մեր հաւաքական ուժին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Այնուհետեւ հնչեց Հայաստանի օրհներգը, որմէ ետք զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով զինուժը հրաւիրեց հանդիսաւոր երթի:
Զօրահանդէսի աւարտէն ետք սկսաւ օդային շքերթը: Երեւանի երկինքին վրայ շրջեցան օդային շքերթի մասնակից «Սու-25» պատերազմական օդանաւները` զօր. Ստեփան Գալստեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք պատկերեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական Եռագոյնը:
Փոխ-գնդապետ Յարութիւն Զաքարեանի գլխաւորութեամբ անցաւ ուսումնական «Լ-39» օդանաւներու խումբը: Ի դէպ, այս օդանաւներով կ՛իրականացուի երիտասարդ օդաչուներու պատրաստման հոլովոյթը:
Ուղղաթիռները շարունակեցին շրջիլ: «Մի-24» մարտական ուղղաթիռներու խումբը կը գլխաւորէր առաջին կարգի օդաչու, մարտական ծառայութեան մետալի ասպետ, գնդ. Սամուէլ Սիանոսեան: «Մի-8» ռազմական-փոխադրամիջոցային մարտական ուղղաթիռները կը մասնակցէին փոխգնդապետ Սերկէյ Յարութիւնովի ուղեկցութեամբ: Օդային շքերթի աւարտը ազդարարեցին «Մի-2» ուղղաթիռները` փոխգնդապետ Արթուր Յակոբեանի գլխաւորութեամբ:

Միւս կողմէ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք: Եկեղեցական կարգը կատարուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ: Ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը։
Հանրապետական մաղթանքով միասնաբար աղօթք կատարուեցաւ Հայաստանի ամրութեան եւ հաստատունութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս նշեց, որ անկախ պետականութեան վերականգնումը հայ ազգի կեանքի մեծագոյն իրադարձութիւնն է, որ նոր յոյսեր բերած է եւ նոր հորիզոններ պարզած է ժողովուրդին առջեւ:
Նշենք որ Հայաստան Հայրենիքի Անկախութեան Տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ նաեւ աշխարհ մոլորակի չորս ծագերը,հոն ուր որ կար նաեւ միայն մէկ Հայ մը՝ հոգիի մեծ հրճուանքով ու ցնծութեամբ յիշատակեց 21 Սեպտեմբեր 1991 խորիմաստ բովանդակութեամբ այս թուականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.