2011-09-22 14:04:43

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20-ամեակի Առթիւ Տօնակատարութիւն Հռոմի Մէջ։


Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս հռոմահայութիւնը նշեց Հ. Հ. անկախութիւնը սակայն այս տարի ըլլալով Հանրապետութեան 20-ամեակը ունէր առաւել նշանակութիւն մը։
Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի, ու Հռոմի Լեւոնեան Հայ վարժարանի միացեալ ջանքերով պատրաստուած տօնակատարութիւնը (համագործակցութեամբը նաեւ Իտալիոյ մօտ Հ. Հ. դեսպանութեան) սկիզբ առաւ ժամը 19.30-ին՝ Լեւոնեան վարժարանի բակին մէջ։ Ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ , մեծ թիւով հայորդիներ ու իտալացի բարեկամներ. ներկայ էր նաեւ մամուլը։
՜՜Մեր Հայրենիք՝՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգէն ետք եռագոյն փուչիկներ տեղացին ներկաներուն վրայ, ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով ... ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորը՝ գերյարգելի Հ Գէորգ Ծ Վրդ. Նորատունկեան, ան իր խօսքին մէջ ըսաւ որ եկեղեցին տարիներու ընթացքին եղած է սփիւռքահայութեան համար հայապահպանման ի խնդիր կարեւոր ազդակ , 20րդ տարեդարձի առթիւ պատգամը այն է որ ՜՜հայը հայէն չվախնայ՝՝ ու ձեռք ձեռքի տուած դիմագրաւէ ապագայի մարտահրաւէրները երաշխաւորութեամբ՝ հայ եկեղեցւոյ ու Հ. Հ. ներկայացուցչութեան։ Այս ուղղութեամբ Հայր Գէորգ կոչ ուղղեց միութեան ըսելով ՜՜Եթէ հայերը միացած չըլլան չեն կրնան յաղթահարել դժուարութիւնները՝՝։
Ապա խօսք առաւ Իտալիոյ մօտ Հ. Հ. դեսպանը՝ Տիար Ռուբէն Կարապետեան որ գնահատեց Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդն ու Մալոյեան Մշակութային կեդրոնը իր տքնաջան աշխատանքներուն համար հայապահպանման ի խնդիր, ու մանաւանդ ձեռնարկը՝ Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակի տօնակատարութեան։
Օրուան հանդիսավարը տիար Ռոպէր Աթթարեան փոխ նախագահը Հռոմի Հայ Համայքի Խորհուրդին, հրաւիրեց Հռոմի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ՝ տիար ֆետերիքօ Ռոքքան, որ ողջունելով այս տօնակատարութեան առիթը, Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալէմաննոյի անունով՝ վեր առաւ հայ ազգի արժէքները մատնանշելով որ Հռոմահայութիւնը որ մաս կը կազմէ Հռոմի կեանքին, հպարտանք է իտալիոյ մայրաքաղաքին, ու աւելցուց նաեւ որ ինքզինք հպարտ կը զգայ գտնուելով Հռոմի հայ համայքին հետ միասին։
Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի անունով խօսք առաւ Տիար Էմմանուէլէ Ալիփրանտի (անդամ սոյն խորհուրդին եւ պատասխանատու ՜՜Աղթամար՝՝ երկլեզու պարբերաթերթին). ան իր կարգին շնորհաւորեց 20-ամեակը նշելով նաեւ Արցախի 20 -ամեակը, ու յատուկէն ներկայացուց Հռոմի Հայ Համայքի Խորհուրդի 2011- 2012 տարեշրջանի ձեռնարկները ։
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ բացումը ՜՜Արմենիա՝՝ ժամանակակից գեղարուեստի գործերու ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ կիրակի 25 Սեպտեմբեր։
Այս պաշտօնական արարողութեան աւարտին, ներկաները իրենց բաժակները բարձրացուցին Հայրենիքի կենացը բարգաւաճման մաղթանքներով, նաեւ ճաշակեցին այս առիթին համար պատրաստուած՝ համադամները, ( միշտ Հռոմահայ համայքի խորհուրդի կողմէ պատրաստուած) ներկաները մեծ գոհունակութեամբ ու ուրախութեամբ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին կազմակերպիչ յանձնախումբին, այս ուրախալի առիթին համար, որ հպարտութեան զգացումներով կը լեցնէ Յաւիտենական քաղաքին մէջ ապրող՝ Սփիւռքահայերու հոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.