2011-09-22 14:04:35

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորական Ուղերձը՝ Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին Առթիւ։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին առթիւ շնորհաւորագիր մը յղած է, նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որուն մէջ կը կարդանք.
Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ անկախութեան 20-ամեակին առիթով, խնդակցութեամբ Ձեզ կը շնորհաւորենք, ինչպէս նաեւ Ձեր գործակիցները եւ համայն Հայ ժողովուրդը:
Մեր շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր վրայէն եւ զօրացնէ Ձեզ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան անսասանութեան, հզօրացման եւ բարգաւաճման բարօրութեան համար:
Ուրախ ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան այս ժամանակաշրջանին մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրեց բոլոր ոլորտներուն մէջ, մանաւանդ ձեր յանձնառութեամբ եւ անձնական զգալի ներդրումով։
Վստահ եղէք, Տիար Նախագահ‚ որ Մենք՝ որպէս Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ, բոլոր մակարդակներու վրայ նեցուկ կը կանգնինք Հայաստանի պետականութեան հզօրացման ու բարգաւաճման, հայրենիք-սփիւռք սերտ գործակցութեան կամուրջները միշտ հաստատ պահելով։
Թող Զմմառու հրաշագործ Աստուածամօր բարեխնամ հայեացքը անպակաս ըլլայ Ձեր եւ Հայաստանի մեր ժողովուրդին վրայէն:
Հայրական օրհնութեամբ՝
† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Պէյրութ‚ 16 Սեպտեմբեր 2011







All the contents on this site are copyrighted ©.