2011-09-21 13:13:15

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Գործատէրերու Ուղղած Դասախօսութեան Ընթացքին Խնդրեց Պատշաճութիւն Հոգեւոր Կեանքի Ու Ապրելակերպի Միջեւ։


Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ իր արտասանած դասախօսութեան ընթացքին ''Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը'' նիւթին մասին, Կարտինալ Պերթոնէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը գործատէրերուն ուղղած դասախօսութեան ընթացքին խնդրեց պատշաճութիւն հոգեւոր կեանքի ու ապրելակերպի միջեւ։ Ասիկա, ըսաւ ան, կարեւոր յանձնառում մըն է, ոչ միայն բարւոքելու ընկերութիւնը եւ հասարակութիւնը, այլ նաեւ տալու հաւատաւոր օրինակներ։
Ապա Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով քաջալերեց զանոնք լաւ ուսումնասիրելու Սրբազան Քահանայապետին ճառերը որ պիտի արտասանէ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Գերմանիա , 22-25 սեպտեմբեր, եւ մասնաւորապէս Գերմանիոյ ազգային ժողովի ընթացքին արտասանելիք ճառը, որ շատ գեղեցիկ է եւ կը յուսամ որ ընդունելութիւն գտնէ այնքան որքան կ'արժէ, ըսաւ կարտինալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.