2011-09-21 13:11:24

Պսակեալ Զոյգերու Հանդիպում Զմմառու մէջ։


Կիրակի 18 սեպտեմբերին, կազմակերպութեամբ Զմմառու ժողովրդապետութեան, Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ պսակեալ զոյգերու հանդիպում: Հրաւիրեալ զոյգերը արդէն իսկ կը տօնէին իրենց ամուսնութեան 30 եւ աւելի ամեակները հասնելով մինչեւ 40 եւ 45 ամեակներու:
Առաւօտեան Ձայնաւոր սուրբ Պատարագը մատոյց վանքի մեծաւորի տեղապահ Հ. Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Զմմառու ընծայարանի ժառանգաւորները: Իր խօսքին մէջ պատարագիչ վարդապետը խօսելով ամուսնութեան՝ Ս Պսակի խորհուրդին մասին, շեշետը դրաւ ընտանիքի եւ զոյգերու հաւատարմութեան եւ փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ կարեւորութեան վրայ:
Առիթ էր նաեւ որ բոլոր հրաւիրեալները այցելեն վանքին երկու թանգարանները ինչպէս նաեւ գինեմառանը: Որմէ ետք բոլորը մեկնեցան սեղանատուն մասնակցելու բարեկամական ագապին, որուն ընթացքին հայր Եղիա վրդ. Դերձակեան խօսք առնելով շնորհաւորեց յոբելեար ամոլները, շեշտեց այս իւրայատուկ առիթին կարեւորութեան եւ իրենց երկարամեայ կեանքի փորձառութիւններուն մասին: Ինչպէս նաեւ ան իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ՝ «մենք քահանաներս, պատրաստ ենք բոլորին տուները այցելելու, մանաւանդ երբ տուներու մէջ խնամքի կարօտ անձեր գոյութիւն ունին: Մեր ժողովրդապետութիւնը պիտի աշխուժանայ շնորհիւ ձեր ջանքերուն եւ մի մոռնաք թէ Զմմառու Աստուածամայրը միշտ կը հսկէ ձեր ընտանիքներուն վրայ. այցելեցէ՛ք անոր մատուռը» եզրափակեց ան:
Ապա, հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան իւրաքանչիւր զոյգին յանձնեց Զմմառու Ցաւագին Աստուածամօր պատկերը, որպէսզի անոր օրհնութիւնը իրենց հետ տանելով օրհնուին իրենց ընտանիքներուն բոլոր անդամները ու յաճախ հաւաքուին անոր պատկերին շուրջ ու միասին աղօթեն:
Ագապի աւարտին, բոլորը միասին յիշատակի խմբանկար մը առին Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի յուշակոթողին առջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.