2011-09-21 13:39:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Չորեքշաբթի 21 սեպտեմբեր 2011։ 22 - 25 սեպտեմբերի նախատեսուած Սրբազան Քահանայապետի Գերմանիայ կատարելիք առաքելական այցելութեան պատճառաւ այսօր տեղի չունեցաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը մինջ կեսօրուայ ժամը 12ին Նորին Սրբութիւնը Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցի Գոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց Միլանոյի նորնաուանուած Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան ու անոր յանձնեց Պալիումը։ Նշենք որ Պալիումը կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը ։Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի, որ կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։ Անոր գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Պալիումը Հիւսուած է լոկ բուրդէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.