2011-09-21 13:11:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Այցելութիւնը Գերմանիա 22 - 25 սեպտեմբեր 2011.


Գերմանիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Թիւերով.
Գերմանիոյ կաթողիկէներուն թիւը կը հասնի 24 միլիոնի, 81 միլիոն բնակչութեան վրայ. (բնակչութեան 30 տոկոսը)։
Բողոքականները մէկ երրորդը կը կազմեն, իսկ միւս երրորդը օրթոտոքսներ, մահմետականներ, հրեաներ ու ոչ մէկ կրօնքի հաւատացողներ են։
113 եպիսկոպոսներ կը հովուեն կաթողիկէ հաւատացեալները, քահանաներուն թիւը 17. 274 է, որոնց 12.994-ը՝ թեմական, իսկ 4.280-ն՝ կրօնաւորներ են։
Արդ իւրաքանչիւր կաթողիկէ հաւատացեալի համար մէկ քահանայ կայ, լաւ չափանիշ մը, քանի որ միջին հաշուով՝ աշխարհի մէջ 2.849 հաւատացեալ ունի մէկ քահանայ։ Բացի անկէ՝ կան նաեւ 1.439 կրօնաւորներ, 27.212 կրօնաւորուհիներ, 1.657 աշխարհական հաստատութիւններու անդամ (ոչ կրօնաւորներ), 878 աշխարհական միսիոնարներ եւ շուրջ 10 հազար կրօնուսոյցներ։
Նորընծայարաններու մէջ քահանայութեան կը պատրաստուին 1.150 ժառանգաւորներ։
Դպրոցներն ու բարեսիրական հաստատութիւնները։
Կրթական մարզին մէջ, գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունին 8591 կաթողիկէ մանկապարտէզներ ու նախակրթարան վարժարաններ՝ 615.600 աշակերտներով։ Կան նաեւ 817 միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններ 374 հազար ուսանողներով, իսկ 31 համալսարաններու մէջ բարձրագոյն ուսում կը ստանան 24 500 ուսանողներ։
Գալով բարեսիրական եւ ընկերային կաթողիկէ հաստատութիւններուն.
Գերմանիոյ մէջ կը գործեն 444 հիւանդանոցներ, 1368 բուժարաններ, 2804 հանգստեան տուներ, 1172 որբանոցներ, 2176 կեդրոններ ընտանիքի ու կեանքի պահպանումին ի սպաս, 2204 յատուկ ընկերային դաստիարակութեան կամ կրթութեան յատուկ կեդրոններ, եւ այլ՝ 468 հաստատութիւններ։

Գերմանիոյ մէջ, հաւատացեալները (մկրտուածները) սովորութիւն ունին իրենց եկամուտէն տասաներորդ վճառել եկեղեցւոյ։
Կրօնական ազատութեան օրէնքը թոյլ կու տայ, ոեւէ քաղաքացիին հրաժարիլ իր կրօնական պատկանելիութենէն։
Տեղւոյն եպիսկոպոսաց խորհուրդին համաձայն, 2010-ին՝ շուրջ 181.193 հոգի խնդրանք ներկայացուցած են որպէսզի իրենց անունները ջնջուին ժողովրդապետութիւններու ցանկէն, քանի որ անոնց ունեցած վստահութիւնը նուազած է եկեղեցւոյ հանդէպ, հետեւանք՝ վերջերս քահանաներուն դէմ լրատուական միջոցներու տուած տեղեկութիւններուն, յատկապէս մանուկներու հանդէպ սեռային բռնութիւն կատարող քահանաներու դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.