2011-09-21 12:22:59

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972)
Հայկական Երգիծանքի Վերջին Իշխանը։


39 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, կեանքէն առյաւէտ կը հեռանար հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժացաւ որպէս հայկական երգիծանքի վերջին իշխանը։
Միայն երգիծագիր չեղաւ Նշան Պէշիկթաշլեան։ Նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ դարձաւ։ Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ, հայ գրականութեան կտակելով շուրջ 1200 էջերէ բաղկացած «Թատերական Դէմքեր» կոթողական աշխատասիրութիւնը, որ արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին ու հրատարակութեան։
Ծնած էր 1898ին (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 1896ին) Պոլիս, ուր Բերայի նախակրթարաններուն մէջ տարրական իր ուսումը ստանալէ ետք՝ 12 տարեկանէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործեց ոչ միայն իր մայրենին ու գրելու տաղանդը, այլեւ՝ հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին գիտական իր այնքա՜ն լայն պաշարը։
Սկսաւ ստեղծագործել պատանի տարիքէն՝ պոլսահայ մամուլի էջերուն քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։ Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղեցաւ հայերէնի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրեց գրականութեան։

Եղեռնէն վերապրած պոլսահայ գրողներէն շատերու պէս, Պէշիկթաշլեան ինք եւս նախ ձեռնամուխ եղաւ յետ¬եղեռնեան պոլսահայ գրական կեանքի վերաշխուժացումին, ապա՝ 1922ի Զմիւռնիոյ մեծ աղէտէն ետք, անցաւ Յունաստան, կարճ ժամանակ մը նուիրուեցաւ Քերքիրայի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեամբ։ Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։ Մնայուն եւ փնտռուած աշխատակիցը դարձաւ ատենի հայ մամուլին՝ օրաթերթային տոմսեր հասցընելով Փարիզի «Յառաջ»էն ու Պոսթընի «Հայրենիք»էն մինչեւ Աթէնքի «Ազատ Օր»ին ու Պէյրութի «Ազդակ»ին եւ «Սփիւռք»ին։ Իսկ գրական իր ստեղծագործութիւններով՝ մնայուն ներկայութիւն եղաւ նախ «Հայրենիք Ամսագրի» եւ, ապա, «Բագին»ի էջերուն։ Յատուկ կանոնաւորութեամբ աշխատակցութիւն բերաւ յատկապէս «Բժիշկ» ամսագրին։

Նշան Պէշիկթաշլեան անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրիչը. ապրուստի դժուարութեանց եւ հիւանդութեան դէմ շարունակ պայքարեցաւ, բայց բարութիւնն ու լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց։
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պէշիկթաշլեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացաւ։ Անկողնոյ ծառայեց երկար տարիներ, բայց դարձեալ շարունակեց թափով ստեղծագործել, մինչեւ որ 1972ին, Սեպտեմբեր 7էն 8ի լուսցող գիշերը, առյաւէտ փակեց բարութեամբ զեղուն իր աչքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.